ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Թերթիս աշխատակիցներէն բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ շուրջ երկու շաբաթ այցելեց քաղաքս, արդէն վերադարձաւ Երեւան։ Նախընթաց օր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքը առնելով ան մեկնեցաւ եւ արդէն վերադարձած է իր պաշտօնին գլուխը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն ներս։

Վարանդ Քորթմոսեան կարճ կեցութեան օրերուն հաճելի եւ ողջունելի ներկայութիւն դարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութենէն ներս ու իրականացուց կարգ մը արխիւային պրպտումներ։ Ան կեցութեան օրերուն նաեւ այցելեց քաղաքիս շարք մը տեսարժան վայրերը՝ մանաւանդ համայնքային կարեւոր կառոյցները։ Իր մասնակցութեամբ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ալ կազմակերպուեցաւ մշակութային երեկոյթ մը՝ ասուլիսի ձեւաչափով։

Բարի վերադարձ կը մաղթենք մեր սիրելի աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեանին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022