ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Երէկ, Համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջին օրուան աշխատանքներուն մասնակցելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ Սերժ Սարգսեան մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս գայ ելոյթով մը։

Այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ այլ երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Նիւ Եորքի շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանին կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։

Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագանհներուն հետ՝ շարունակելու համար քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցերուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2017