ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ե­րէկ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թուր­քիա, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Իս­թան­պու­լի մէջ ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Էր­տո­ղան Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս տե­սակ­ցե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ շան­սէօ­լիէին հետ, իսկ Տա­վու­տօղ­լու՝ վար­չա­պե­տա­րա­նի Տոլ­մա­պահ­չէի գրա­սե­նեա­կի հա­մա­լի­րէն ներս։ Ծա­նօթ է, որ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ բարդ ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի Թուր­քիա այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ էու­թեան, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցան դրա­կան ար­դիւնք։ Թէ՛ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, թէ՛ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն կա­պե­րուն եւ թէ գաղ­թա­կա­նաց ճգնա­ժա­մին տե­սան­կիւ­նէն փո­խա­դարձ ըմբռ­նու­մի մը հա­սած ըլ­լալ կը թուին կող­մե­րը։ Ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ, ա­ռանց­քա­յին շարք մը խնդիր­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն գո­յա­ցաւ Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ։ Մեր­քէլ Իս­թան­պու­լի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա եւ Գեր­մա­նիա ու­նին հա­սա­րա­կաց շա­հեր ու կողմ­նա­կից չեն ա­պա­կա­յու­նու­թեան։ Գեր­մա­նիա նախ եւ ա­ռաջ կը ձգտի կա­յուն Թուր­քիոյ ձե­ւա­ւոր­ման։

Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի ե­րէ­կուան շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին ըմբռ­նում գո­յա­ցաւ, որ­պէս­զի Սու­րիա­յէն ար­տա­գաղ­թած­նե­րու պա­րա­գա­յին առ­կայ բե­ռը բաժ­նուի։ Ան ա­ջակ­ցու­թիւն խոս­տա­ցաւ, որ­պէս­զի Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով նոր գլուխ­նե­րու շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկսին եւ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կա­րե­նան ա­զատ շրջա­գա­յիլ Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ ալ կը նա­խա­տե­սուին սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։

Հա­ւա­նա­կան է, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը գաղ­թա­կա­նաց հար­ցե­րու դի­մագ­րաւ­ման հա­մար յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին 3 մի­լիառ եւ­րօ փո­խան­ցէ Թուր­քիոյ, սա­կայն առ այժմ վերջ­նա­կա­նօ­րէն ճշդուած չէ, թէ ի՛նչ մի­ջոց­նե­րէ պի­տի տրա­մադ­րուի այդ գու­մա­րը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015