ՄՈՍԿՈՒԱ ՆՈՐ ԳԵՏԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Անց­նող 48 ժա­մե­րուն լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը Հա­լէ­պի շուրջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն են: Սու­րիոյ մէջ գրե­թէ եր­կու շա­բա­թէ ի վեր սկիզբ ա­ռած ռու­սա­կան մի­ջամտու­թիւ­նը սկսած է շատ ա­րագ ար­դիւնք­նե­րու հաս­նիլ: Ռու­սա­կան կող­մին Հա­լէպ գտնուող տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ սկիզբ ա­ռած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջին թի­րա­խը ե­ղաւ «Շէյխ Սը­լայ­ման» զօ­րա­կա­յա­նը, որ ներ­կա­յիս կը հա­մա­րուի «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (ISIS) հիմ­նա­կան կեդ­րո­նա­տե­ղին: Զօ­րա­կա­յա­նը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ քան­դուե­ցաւ կեդ­րոն ե­ղած է նաեւ «Ալ Նըս­րա» եւ «Իս­լա­մա­կան ճա­կատ» խմբա­ւո­րում­նե­րուն: Զօ­րա­նո­ցին հաս­ցուած հա­րուա­ծէն ետք է, որ իս­լա­մա­մէտ խմբա­ւոր­ում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ սկսան օգ­նու­թիւն ա­ղե­րսել զի­րենք հո­վա­նա­ւո­րող ու­ժե­րէն: Նոյն ծի­րին մէջ մնա­լով յատ­կա­պէս Ռիատ կը շա­րու­նա­կէ դա­տա­պար­տել Սու­րիոյ դէմ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, սա­կայն ա­նոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը մնան սոսկ խօս­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ: Սէուտ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն բորբ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը յի­շեց­նեն Ի­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ահ­մէ­տի­նե­ճա­տին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ուր ան բա­ւա­կան ծի­ծաղ առ­թող ո­ճով կը խոս­տա­նար աշ­խար­հի բո­լոր հրեա­նե­րը ծո­վը թա­փել: Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ քա­ղա­քա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան խօս­նա­կը՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­տէլ Ժու­պէյրն է, որ ան­սա­սան կեր­պով կը պա­հան­ջէ Պե­շար Է­սա­տի հե­ռա­ցու­մը եւ մէկ շաբ­թուան մէջ հինգ եւ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ խօ­սե­լով աշ­խար­հին կը յու­շէ, որ Է­սատ դեր չու­նի Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յին մէջ: Սէու­տա­կան կող­մին մօտ տագ­նա­պը նո­րու­թիւն չէ ու չորս տա­րի ա­ռաջ սկիզբ ա­ռած զի­նեալ ընդ­դի­մու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­նոր բո­լոր փոր­ձե­րը մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն ձա­խո­ղե­ցան՝ սու­րիա­կան տագ­նա­պը տա­նե­լով շատ ա­ւե­լի բարդ եւ ա­րիւ­նա­լի վի­ճակ­նե­րու։

Եւ­րո­պա­կան գետ­նի վրայ մինչ Գեր­մա­նիա կա­րե­ւոր բա­նա­կ­­ցու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ Թուր­քիոյ հետ՝ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու խնդրին շուրջ յար­մար լու­ծում­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար, ան­դին Փա­րիզ իր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին ա­նու­նով կը յայ­տա­րա­րէ, որ ֆրան­սա­կան կոր­ծա­նիչ­ներ եւս կը մաս­նա­կ­­ցին ISIS-ի դէմ պայ­քա­րին: Ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րուն մէջ կը տի­րէ այն կար­ծի­քը, թէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ու եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ, ո­րոնք ISIS-ի դէմ զի­նուո­րա­կան դա­շինք մը կազ­մած են, այ­սօր մէկու­կէս տա­րի տե­ւած գրոհ­նե­րէ ետք ոչ մէկ կա­րե­ւոր հա­րուած կրցած են հասց­նել ա­նոր: Նոյն ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը, ո­րուն գլխա­տման տրա­մա­թիք տե­սե­րիզ­նե­րը անց­նող օ­րե­րուն նուա­զած են, այ­սօր իր հան­գիստ գո­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել ի­րա­քեան տար­բեր նա­հանգ­նե­րու մէջ: Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժեր դան­դաղ հա­րուած­նե­ր կը հասց­նեն ISIS-ի, Մոս­կուա­յէն կը պա­հան­ջեն մի­ջա­մուխ ըլ­լալ եւ զօ­րակ­ցիլ ա­նոր դէմ ի­րենց պայ­քա­րին:

Այս բո­լո­րին մէջ ա­մե­նէն հան­գիստ դի­տոր­դը Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն է, որ ման­րազն­նին կեր­պով կը հե­տե­ւի ըն­թացք­նե­րուն: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ բո­լո­րո­վին հան­գիստ է առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն ու հա­կա­ռակ Սու­րիոյ չա­փա­ւո­րա­կան ընդ­դի­մու­թիւ­նը զի­նե­լու մա­սին նախ­կին յա­յա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, ան ոչ մէկ գործ­նա­կան քայլ ա­ռած է այդ ուղ­ղու­թեամբ եւ ընդ­հա­կա­ռա­կն առ­կա­խած է Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սուած տրա­մադ­րուե­լիք գու­մար­նե­րուն փո­խան­ցու­մը: Սու­րիոյ մէջ ա­մե­րի­կեան վեր­ջին մի­ջամ­տու­թիւ­նը ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան սու­րիա­կան թե­ւին՝ YPK-ին օ­դա­նա­ւե­րով զէնք եւ զի­նամ­թերք նե­տելն էր: Իսկ Մոս­կուա­յի կա­տա­րած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր օ­դա­յին տա­րած­քին վրայ ռուս-ա­մե­րի­կեան գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն ցու­ցա­նիշն է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ան­ցեալ շաբ­թուան յօ­դուա­ծիս մէջ յա­ռաջ քշած այն մտքին, որ Մոս­կուա­յի Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րած բո­լոր քայ­լե­րը հա­մա­կար­գուած են ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին ու ՆԱ­ԹՕ-ին հետ:

Մոս­կուա­յի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն սկիզբ առ­նե­լէն ան­դին Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլատ­ի­միր Փու­թին Ղա­զա­խիս­տա­նի մէջ ե­լոյթ ու­նե­նա­լով կը խօ­սէր ի­րենց ծա­ւա­լած գոր­ծո­ղու­թեան «մեծ յա­ջո­ղու­թեան» մա­սին, այդ­պէ­սով նա­խա­պա­տրաս­տե­լով յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուան­նե­րը: Մոս­կուա­յի հա­մար հիմ­նա­կա­նը Պե­շար Է­սա­տը իր ա­թո­ռին վրայ պա­հե­լը չէ, այլ գետ­նի վրայ նոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծե­լը: Այս ա­ռու­մով շատ բա­ցո­րոշ է, որ Մոս­կուա յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին Սու­րիոյ վե­րա­բե­րեալ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վրայ չը­սե­լու հա­մար կա­րե­ւոր, այլ կա­րե­ւո­րա­գոյն խա­ղա­քար­տե­րը ու­նե­նա­լէ բա­ցի, նաեւ պի­տի հան­դի­սա­նայ օ­րա­կարգ թե­լադ­րող կա­րե­ւո­րա­գոյն ուժ:

Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին հա­մար Մոս­կուա դար­ձած է հիմ­նա­կան ուժ ու ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ նաեւ ա­պա­հո­վա­կան հո­վա­նոց մը դառ­նա­լու բո­լոր տուեալ­նե­րը ու­նի: Բա­ցի ան­կէ, որ սիւն­նի ո­րոշ շրջա­նա­կա­ներ ան­հանգս­տա­ցած են ռու­սա­կան միջ­մա­տու­թե­նէն՝ Գա­հի­րէ, Պաղ­տատ եւ Պէյ­րութ (ո­րոշ չա­փով) դրա­կան կը հա­մա­րեն ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րուն կա­տա­րած գրոհ­նե­րը: Թրքա­կան գետ­նի վրայ, եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րա ո­րոշ խոր­թու­թեամբ կը նա­յի տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րուն, բայց բա­ցա­յայտ է, որ Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա Սու­րիոյ օ­րա­կա­րա­գին ա­ռու­մով ե­թէ ու­նին ո­րոշ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ, ու­նին նաեւ կա­րե­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ: Բնա­կա­նա­բար այս հա­մա­ձայ­նու­թեան ծրա­րին հիմ­նա­կան կէ­տը կրնայ քրդա­կան հար­ցին շուրջ հա­յեացք­նե­րու նոյ­նու­թիւ­նը ըլ­լալ, բայց այս ա­ռու­մով կան­խա­տե­սում­ներ կա­տա­րե­լը տա­կա­ւին վաղ է:

Վե­րա­դառ­նա­լով զի­նուո­րա­կան գետ­նին պէտք է նաեւ յստա­կօ­րէն ըն­դու­նիլ, որ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ կա­տա­րուած գրոհ­նե­րը շատ ա­ւե­լի ա­րագ եւ ե­րե­ւե­լի ար­դիւնք­նե­րու հա­սան ի հե­ճուկս դաշ­նա­կից ու­ժե­րու մէ­կու­կէս տա­րուան գրոհ­նե­րուն, ո­րոնք ըստ ե­րե­ւոյ­թին ի սկզբա­նէ ու­նէին սահ­մա­նուած ա­ռա­քե­լու­թիւն: Հե­տա­գայ հանգ­րուան­նե­րուն այս ա­ռու­մով ո­րոշ բա­ցա­յայ­տում­նե­րու լոյ­սին տակ նաեւ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հասկ­նալ շրջա­նին մէջ ISIS-ին «վստա­հուած» ընդ­հա­նուր դե­րա­կա­տա­րու­թի­նը, որ Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար իբ­րեւ դեր հան­դէս գա­լով դար­ձած է փոր­ձանք Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի բո­լոր էթ­նիք փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն:

Հա­լէ­պի ուղ­ղու­թեամբ եւ չորս ճա­կատ­նե­րով սկիզբ ա­ռած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան շատ ա­րագ դրա­կան տե­ղա­շարժ մը ստեղ­ծել:

Խան Թու­ման, Ժա­պալ Ղազ­զան, Ալ Ո­ւա­տայ­հի եւ Թալ Շը­ղայմ շրջան­նե­րէն սկսած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նպա­տակ ու­նին տի­րա­պե­տել Հոմս-Հա­լէպ ճա­նա­պար­հին, որ այս գոր­ծըն­թա­ցը բնա­կա­նաբար նոր հանգ­րուա­նի մը պի­տի տա­նին:

Սու­րիա­կան բա­նա­կը իր վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեամբ կոչ ը­րած էր Հա­լէ­պի գիւ­ղա­կան հա­տուած­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն, որ­պէս­զի ճեր­մակ դրոշ­ներ պար­զեն եւ հե­ռու մնան ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ ի­րենց մօտ ըն­դու­նե­լէ: Կո­չը նաեւ ուղ­ղուած էր այն տե­ղա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք ինչ-ինչ հա­նգա­մանք­նե­րու բե­րու­մով միա­ցած էին իս­լա­մա­մէտ­նե­րու շար­քե­րուն:

Այս հանգ­րուա­նը բնա­կա­նա­բար նա­խաս­կիզբ է զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ գրան­ցուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նաեւ քա­ղա­քա­կան դաշտ­ին մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ստի­պե­լու դար­ձի գալ, նստե­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­ն: Բնա­կա­նա­բար խօս­քը կը վե­րա­բե­րի այն խմբա­ւո­րում­նե­րուն, ո­րոնք պատ­րաստ են բա­նակ­ցե­լու:

Ինչ­պէս վե­րը նշե­ցինք, այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին մե­ծա­գոյն խօսք ու­նե­ցող կող­մը պի­տի ըլ­լայ Մոս­կուան: Մոս­կուա­յի խա­ղա­քար­տե­րուն մէջ վըս-տա­հա­բար պատ­րաս­տուած է Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մու­թեան խում­բը:

Այս ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն մէջ յու­սա­լի է, թէ Հա­լէ­պը, որ ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ յայտ­նուած է իբ­րեւ կի­զա­կէ­տա­յին ռազ­մա­կան դաշտ, մաղ­թե­լի է, որ ա­նոր հայ­կա­կան հա­մայն­քը զերծ մնայ յա­ւե­լեալ վնաս­նե­րէ: Բնա­կա­նա­բար կա­րե­ւո­րա­գոյն հան­գա­ման­քը մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն անվ­տան­գու­թեան հարցն է: Նիւ­թա­կան եւ ընդ­հա­նուր ա­ւե­րուա­ծու­թեան մէջ ե­ղող Հա­լէ­պի գիւ­ղա­կան հա­տուած­նե­րը յայտ­նուած են ա­ղի­տա­լի պայ­ման­նե­րու տակ, սա­կայն այս բո­լո­րը սրբագ­րե­լի են, իսկ մե­զի հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը Հայ­կա­կան Հա­լէ­պի գո­յու­թեան ա­պա­հո­վու­թիւնն է, ո­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար կը գոր­ծեն մայր հա­յ գա­ղու­թին բո­լոր մար­մին­նե­րը անխ­տիր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015