«ԽՐԻՄԻ ԱՍՏՂ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Խրիմի Սեպաստապոլ քաղաքին մէջ իրականացուած է «Խրիմի աստղ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որու ընթացքին յաջողութութիւններ արձանագրած են նաեւ հայ արուեստագէտները։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, մրցոյթի առաջինը հանդիսացած է երգիչ Հայկ Թոնկուրեան։

Երգչուհի, յօրինող Մայա Աֆրիկեան միջազգային ստուգատեսին մէջ արժանացած է առաջին կարգի մրցանակին՝ «Ակադեմական վոքալ» անուանակարգին մէջ, ինչպէս նաեւ ստացած է դափնեկիրի երկրորդ կարգի մրցանակը՝ «Հեղինակային երգ» անուանակարգին մէջ։ «Երբ ես նկատեցի, որ մրցոյթին մէջ կայ հեղինակային երգի անուանակարգ, շատ ոգեւորուեցայ, եւ որոշեցի տանիլ երգերս ու այնտեղ ներկայացնել զանոնք», նշած է Մայա Աֆրիկեան։ Անոր տեղեկացմամբ՝ մրցոյթ-փառատօնին մասնակցած են տարբեր երկիրներու արուեստագէտներ։ Դատակազմին ներգրաւուած են բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, փրոֆեսէօրներ, ոլորտի յառաջատարներ։ «Մրցոյթի կազմակերպիչ քաղաքին նուիրուած երգ գրած էի՝ «Ձօն Սեպաստապոլին» խորագրեալ, եւ այդ երգը կատարած եմ կալա-համերգին ժամանակ։ Նշեմ, որ երգի խօսքի հեղինակը Սվետլանա Յովսէփեանն է։ Ան շատ մեծ արձագանգ գտաւ, ջերմօրէն ընդունուեցաւ։ Կազմակերպիչներուն նուիրած եմ նաեւ երգի ձայնանիշները», աւելցուց Մայա Աֆրիկեան։

Ներկայացուած երգերու խօսքերու հեղինակներն էին Սվետլանա Յովսէփեան եւ Կորիւն Առաքելեան։

Յաղթական դափնի Հայաստան բերած է նաեւ դաշնակահարուհի Լիլիանա Դարբինեան։ Ան «Գործիքային երաժշտութիւն» անուանակարգին մէջ ստացած է դափնեկիրի երկրորդ կարգի մրցանակը։ Դաշնակահարուհին ամբողջ մրցոյթի ընթացքին նուագակցած է Մայա Աֆրիկեանին, իսկ երգչուհին իր հերթին հանդէս եկած է Լիլիանա Դարբինեանի մրցութային կատարման ընթացքին։

Միւս կողմէ, 2018 թուականի Մարտի 25-ին դափնեկիրները, որոնց կարգին՝ հայ արուեստագէտները, համերգով մը հանդէս պիտի գան Մոսկուայի մէջ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017