ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ

Հայ մեծ բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի մահուան 60-րդ տարելիցը լրացաւ Հոկտեմբերի 17-ին։ Այս կապակցութեամբ բազմաթիւ մտաւորականներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմահ գրողին՝ Երեւանի Կոմիտասի այգիի պանթէոնին մէջ ծաղիկներ զետեղելով Իսահակեանի շիրմին։ Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ եղան մտաւորականներ, գրականագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, ուսուիցչներ, վարժարաններու աշակերտներ, նաեւ Իսահակեանի վաստակը յարգողներ։

«Իսահակեանի նման մեծերը միայն ֆիզիքապէս կը մեռնին։ Ան իր ստեղծագործութիւններով յաւերժ կը մնայ հայ ժողովուրդի կողքին։ Իսահակեան մեզի թողած է ժառանգութիւն մը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ ներշնչանքով։ Ան գրած է հայերու վերելքներու, յաղթականերու նաեւ ձախողումներու մասին։ Աւետիք Իսահակեան թէ՛ վիշտի եւ թէ ուրախութեան ժամանակ կանգնած է հայերու կողքին», նշեց գրականագէտ Աւետիք Իսահակեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի խօսքով՝ կան բանաստեղծներ, որոնք իրենց գոյութեամբ, իրենց գործերով հայ ժողովուրդի սկբնաւորումէն ի վեր եղած են ու միշտ պիտի ըլլան։ «Անոր ստեղծագործութիւններու հիման վրայ բազմաթիւ երգեր գրուեցան, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին, հանրութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէր հեղինակի նոր բանաստեղծութիւններուն, որոնց միջոցով կը ճանաչէր իր սեփական հոգին, կը գնահատէր հայրենի շքեղութիւնը։ Իսահակեանի ստեղծագորութիւնները յետագային շարք մը քերթողագիրներու համար դարձան լեզուամտածողութեան նոր ուղի», ընդգծեց Միլիտոնեան։

Իր կարգին, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Անժելա Խորէնեան շեշտեց, որ մեծերու մահը սկիզբն է անոնց անմահութեան։ «Մենք այսօր անգամ մը եւս մեր սրտի խօսքը կ՚ըսենք այն մարդուն, որ հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդն է», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով թանգարանին՝ Խորէնեան նշեց, որ Նոյեմբերին թանգարանին մէջ գրողի մահուան նուիրուած ցուցահանդէս կը բացուի, ուր կը ներկայացուին թանգարանին մէջ պահպանուող գծանկարներ, որոնք մինչ այժմ չեն ներկայացուած հանրութեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017