ՔԱՎԱԼԱ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Գործարար Օսման Քավալա, որ կը գլխաւորէ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութիւնը, հսկողութեան տակ առնուեցաւ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Քավալա Կազիանթէպէ վերադարձին առնուեցաւ հսկողութեան տակ եւ տարուեցաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութիւն։ Ան ծանօթ է նաեւ իր ծաւալած հասարակական գործունէութիւնով։ Կը հաղորդուի, որ Քավալայի գրասենեակի համակարգիչներն ալ առնուած են հակակշռի տակ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017