ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻՆ ՎՇՏԱԿԻՑ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։

ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Արա Կիւլէրի մահ-ւան կապակցութեամբ հրապարակած ցաւակցականին մէջ ըսաւ. «Խոր կսկիծով իմացայ, որ կեանքէ հեռացած է մեր ժամանակաշրջանի ամենախոշոր տարեգիրներէն մին՝ Արա Կիւլէրը։ Իր լուսանկարները սովորական պատկերներ չեն, որ մեքանիք սարքը կ՚որսայ իր անտարբեր ու սառը աչքով, այլեւ՝ արուեստագէտի տաք ու թափանցող հայեացքի սեւեռուն աշխարհի, իրերու եւ մարդոց վրայ, որ անտեսանելին կը դարձնէ տեսանելի եւ անցողիկը՝ յաւերժական։ Խորապէս կը սգամ այդ մեծ մարդու կորուստը եւ իմ խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ իր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ իր բազմահազար երկրպագուներուն Հայաստանի մէջ, Թուրքիոյ մէջ եւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն»։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Արա Կիւլէրի մահուան կապակցութեամբ հրապարակած ցաւակցականին մէջ նշած է հետեւեալը. «Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքի 90-րդ տարիին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ մեծ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր։ Տասնամեակներ շարունակ իր խորաթափանց աչքը տեսած եւ արձանագրած է պատկերներ, որոնք նոր մակարդակի բարձրացուցին համաշխարհային լուսանկարչական արուեստը։ Իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ մեծ արուեստագէտի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ իր ստեղծագործութեան բազմահազար երկըր-պագուներուն Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ»։

ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ ցաւակցականով մը արձագանգեց Արա Կիւլէրի մահուան։ Ան շեշտած է, որ Կիւլէր ներգործած էր միլիոնաւորներու սրտին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018