ԵՒ… 72 ԺԱՄ

Անցնող երեք օրերուն ( շաբաթ օրն ալ ներառեալ) լիբանանցիներուն համար ուղենշային կը դառնար «72 ժամ» բառակապակցութիւնը։

Խօսքն անշուշտ սպասողական իրավիճակի մը մասին է, որու աւարտին ալ (աւարտն ալ շատ մօտ) պարզ ու յստակ պիտի դառնայ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ճակատագիրը։ Ճակատագիր մը, որմէ կախեալ է նաեւ Փարիզի ճիգերով Լիբանանի համար նախատեսուած եւ «Սէտր» անունը կրող դրամական ծրագիր-սնտուկը։ Այստեղ պարտիմ յիշեցնել, որ հինգշաբթի երեկոյեան բողոքի սովորական համարուած ցոյցերով ընթացք առած շարժումը կը դառնար համատարած եւ նոյնիսկ երկիրը վտանգաւոր հունի մը տանող բողոքի շարժում։ Լիբանանցիք, որ յայտնուած են բաւականին տանջահար վիճակի մը մէջ, իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտան տնտեսական նոր հարկերու, հետեւաբար նոր սեղմումներու առջեւ, որոնց գործադրումով կառավարութիւնը պիտի կարողանար եւրոպական համայնքին ըսել, թէ «տեսէք, մենք մասմաքուր ենք»։

Լիբանանի ակնկալութիւնը անշուշտ դրամական նոր ներհոսքերու ակնկալիքն է, առանց որուն ալ երկիրը պիտի շարունակէ «պատէ-պատ զառնուիլ»։

Խնդիրը անշուշտ սոսկ տնտեսական չէ, կան նաեւ մի քանի քաղաքական եւ արտաքին-քաղաքական գործօններ, որոնք բոլորն ալ կը գործեն միանուագ եւ նպատակ ունին ամէն գնով «ծունկի բերել» Իրանի քաղաքական շահերուն սպասարկող «Հիզպուլլահ»ը ու յստակ է, որ իսրայէլեան բոլոր տեսակի ճնշումներու ձախողումէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն առջեւ կը մնար մէկ ընտրանք, որն է պատժել Լիբանանը, սնանկացնել անոր դրամատուներն ու Կեդրոնական դրամատունը եւ այդ կերպով ալ կարողանալ շարժել փողոցը։

Ու աւելի քան յստակ է, թէ վերջին ժամերուն տեղի ունեցած դէպքերը կը հաստատեն, որ լիբանանցիք մտած են ամերիկեան չարագուշակ ծրագրին երրորդ փուլը։

Այստեղ անշուշտ ընթացող խաղի կարեւորագոյն ներկայացուցիչը Սաատ Հարիրին է, որուն յառաջիկայ ժամերէն ետք առնելիք որոշումը երկրին մէջ պիտի բանայ քաղաքական նոր փուլի մը առաջին դուռը։

Հարիրի թուլացած է, տկարացած է, անոր համակիրներու եւ կողմնակիցներու ցանցը նօսրացած է։ Բայց եւ այնպէս, ան կը շարունակէ մնալ երկրին մէջ քաղաքական հաւասարակշռութիւն ապահովող թիւ մէկ քաղաքական գործիչը, որուն հրաժարելուն դէմ է նոյնիսկ Հարիրիի գաղափարները չյարգող «Հիզպուլլահ»ը։

Բաց աստի, կայ նաեւ մօտեցում, որ Հարիրիի հրաժարակնէն ետք երկիրը պիտի մտնէ բաւականին անորոշ եւ անյստակ ժամանակ մը, որ կրնայ լեցուն ըլլալ բազմապիսի վտանգներով։

Այսքանը Լիբանանի ներքաղաքական ընդհանուր իրադրութեան մասին… իսկ եթէ խօսելու ըլլանք Լիբանանի հայութեան ընդհանուր վիճակին շուրջ, ապա գաղտնազերծում մը ըրած պիտի չըլլանք, եթէ գրենք, որ այս դէպքերը կարող են աւելի ազդեցիկ դարձնել լիբանանահայերու դէպի Հայաստան ներգաղթելու երեւոյթը, որ առնուազն վերջին երեք տարիներուն ստացած էր անօրինակ եւ նոյնիսկ անսպասելի թափ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019