ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին շարունակեց գրառումներով հանդէս գալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Իտալական «Քորիէրա Տելա Սերա» թերթին մէջ ալ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ իրեն հետ։

Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ շեշտեց, որ Արցախ երբեք անկախ Ատրպէյճանի մաս չէ կազմած։ Ուստի, Պաքուի անոր դէմ տարածքային յաւակնութիւնները միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ հիմք չունին։ «Կանխենք ցեղասպանութիւնը, ճանչնանք Արցախը», նշեց Փաշինեան։

Բաց աստի, նոյնպէս ընկերային ցանցերու վրայ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ առկայ պատերազմը ծագած է Արցախի կարգավիճակի հարցին բերումով։ Այս պատերազմը կանխել կարելի էր, եթէ հայկական կողմը համաձայնած ըլլար Արցախի յարակից տարածքները յանձնելու եւ կարգավիճակի անորոշութեան, անորոշ ժամանակով, ապագայ կարգավիճակի ճշգրտման դրութեան մը բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ Փաշինեանի, այս պատերազմով կրնայ լուծուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, եթէ հայկական կողմը յաջողութիւններ արձանագրէ։ Ըստ իրեն, այդ հաւանական յաջողութիւններուն համար պէտք է կեդրոնացուի ազգային ներուժը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020