ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԵՆ ՍՊԱՌԱԾ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մինչ թափով կը շարունակուի, հայ վերլուծաբանները կը դիտարկեն, որ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները տակաւին սպառած չեն։ Վերջին օրերուն զանազան յայտարարութիւններ կը հնչեն Արցախի շուրջ։ Այս պահուն դժուար է ենթադրել, թէ ինչպիսի դիւանագիտական մարտեր եւ քաղաքական պայքարներ կամ պայմանաւորուածութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Միակ ճշմարտութիւնը այն է, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով ծանր մարտերը կը շարունակուին, կողմերը անդառնալի կորուստներ կը կրեն։ Հայկական կողմը միշտ կը շեշտէ, որ իր երիտասարդներու կեանքի գնով կը դիմադրէ ռազմական, ահաբեկչական այս հզօր ալիքին։ Բայց եւ այնպէս, վերջին օրերուն կան կարգ մը դիւանագիտական իրադարձութիւններ, որոնք ըստ կարգ մը մեկնաբանութիւններու՝ այդ հարթակին վրայ ճեղքում կը համարուին։ Այսպէս, բացի կրակի դադրեցման յորդորներէ, բաց ձեւով խօսուեցաւ հող յանձնելու մասին։ Այլ բանաձեւումով, տարածք՝ խաղաղութեան դիմաց։ Բնականաբար, սա հայկական կողմին տեսակէտէ նախընտրելի առաջարկ մը չէ։ Հայաստանեան մամուլը կը գրէ, որ երկրի որեւէ ղեկավարի պարագային նման քայլ մը ներելի պիտի չըլլայ։ Այժմ առաւել եւս հող յանձնելը պիտի համարուի դաւաճանութիւն, որովհետեւ այսքան զոհերու գնով պահպանուած տարածքները պիտի յանձնուին։ Պատերազմն ալ, սակայն, հարցի լուծումը չէ։ Անկարելի է խնդիրը կարգաւորել ռազմական ճանապարհով։ Լրատուամիջոցներ միշտ կը յիշեցնեն, որ Ատրպէյճանի մարդկային ներուժը շատ աւելի մեծ է, գերժամանակակից սպառազինութեան պաշարով։ Ներկայ պատկերը կը ցոլացնէ, որ սա Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմ մը չէ։ Որքան որ ալ այսօր պատերազմելէ զատ ելք մը չկայ, փաստ է, որ աշխարհի վրայ պատերազմները վաղուց տեղափոխուած են դիւանագիտական հարթակ, ուր երկիրները կը ստանան շատ աւելին՝ քան իրարու դէմ զէնք կիրառելով ստացուածը։ Հայաստանէն մեկնաբաններ, ուստի, սխալ կը համարեն ըսել, թէ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները սպառած են ու մնացած է միայն պատերազմը։ Բայց եւ այնպէս, ինչ որ պահով զէնքերը պիտի լռեն ու պիտի խօսին դիւանագէտները։ Ահա այստեղ է գլխաւոր հարցը։ Հայկական կողմը ի՞նչ դիրք պիտի զբաղեցնէ։ Այսպէս կամ այնպէս, որեւէ լուծում փոխզիջում մը պիտի ենթադրէ։ Ո՞րն է փոխզիջման այդ առաւելագոյն չափը, որ ընդունելի պիտի ըլլայ հայկական կողմին համար։

Այս կապակցութեամբ «Իրատես» թերթը գրած է, որ Արցախի կարգավիճակի յստակեցումը, ինքնորոշման խնդիրը պէտք է առաջնային դիտարկուին։ Իսկ այս հարցը առայժմ չափազանց մշուշոտ է։ Արդարեւ, ըստ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի, տակաւին սեղանին վրայ կը մնայ այն ծրագիրը, որ տարածքներու յանձնում կ՚ենթադրէ՝ որպէս առաջին քայլ։

«ԵԹԷ ԼՈՅՍ ՉԸԼԼԱՅ…»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Արցախի պատերազմի առկայ թէժ իրավիճակին մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Քոմերսանտ» թերթին։ Ըստ իրեն, հայկական կողմին համար յաղթանակը կը նշանակէ պահպանել իր տունը։

«Եթէ յայտնի դառնայ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելելով՝ Ատրպէյճան որեւէ պարագայի մէջ պիտի չերթայ բանակցութիւններու ճանապարհով, ապա Հայաստան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղաղաբաղի անկախութիւնը», ըսաւ հարցազրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան։

«Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը կապուած է միայն այն հանգամանքին հետ, թէ հայկական կողմը կը փափաքի հարցը կարգաւորել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Սա փապուղի մըն է եւ եթէ այդ փապուղիի վերջաւորութեան լոյս կ՚երեւի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական ու խաղաղ կարգաւորման լոյսը, ապա մենք կրնանք դարձեալ սպասել։ Իսկ եթէ լոյս չկայ, այսինքն՝ եթէ պարզ դառնայ, որ վայելելով Թուրքիոյ աջակցութիւնը՝ Ատրպէյճան որեւէ պարագայով պիտի չերթայ բանակցութիւններու ճանապարհով, ապա Հայաստան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը», նշած է Արմէն Սարգսեան։

Արմէն Սարգսեան անցեալ շաբաթավերջին ալ հարցազրոյց մը տուած էր «CBN News» հեռուստակայանին։ Ի շարունակութիւն Երեւանի կողմէ Անգարային հասցէագրուած քննադատութիւններուն՝ ան նշած էր, որ Թուրքիա հաշտութեան գործընթացի ամենամեծ խոչընդոտն է։

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը բազում երեսակներով խոշորացոյցի տակ մնալ կը շարունակէ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ։ Անգլիոյ «Chatham House» կազմակերպութիւնը վերլուծութիւն մը հրապարակեց արիւնալի ռազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս մարդասիրական ողբերգութիւն մը կը ծաւալուի, ինչ որ կը պահանջէ ո՛չ միայն միջազգային ուշադրութիւն, այլեւ՝ իրական գործողութիւններ։ Այսպէս, ժամանակակից զինատեսակները թոյլ կու տան աւերիչ հետեւանքներով պատերազմ մղել մեծ հեռաւորութիւններու վրայ։ Խոշոր տրամաչափով հրետանին, անօդաչու թռչող սարքերու հրթիռներն ու հարուածները հսկայական վնաս հասցուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Ստեփանակերտ, Հադրութ, Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքներուն։ Տարածքի բնակչութեան աւելի քան 60 տոկոսը՝ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ստիպողաբար լքած են իրենց տուները։ Վերլուծութեան մէջ նշուած է, որ Արցախի մէջ տուժած են նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, ներառեալ՝ դպրոցներ, ելեկտրակայաններ եւ այլն։ Բնակչութիւնը ապաստանարաններու մէջ է, ելեկտը-րական ուժանիւթը կը խզուի կանոնաւոր ձեւով։

Սպանական «El Pais» թերթը գրած է, որ հակամարտութիւնը կրնայ անդրադառնալ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ուժանիւթի անկախութեան վրայ։ Արցախի պատերազմը ժխտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ նաեւ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ։

Միջազգային աղբիւրներու դիտարկումներու շարքին է նաեւ ֆրանսական «Le Figaro» օրաթերթի մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ըստ որու թրքական ծաւալապաշտութիւնը կը խախտէ հայ ժողովուրդի իրաւունքը։

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը զուգորդուի հայկական քաղաքական աշխարհէ ներս ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի միջեւ։ Քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ սանձազերծուած զինեալ բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ վերջին օրերուն դիմեց Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Տանըլտ Թուսքին։ Այդ կուսակցութիւնը Եւրոպայէ ներս յառաջատար քաղաքական ուժը կը համարուի եւ անոր հետ կը համագործակցի Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան պահանջեց, որ Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութիւնը միջամտէ Արցախի իրավիճակին եւ զգօնութեան հրաւիրէ եւրոպական քաղաքական հանրութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020