ԴՐՈՒԱՏԻՔՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ պայմանաւորել համայն հայութեան օրակարգը։ Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէն ներս տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր եւ զօրակցութեան հանրահաւաքներ։ Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին շարունակուեցան միջոցառումները աշխարհի զանազան քաղաքներէն ներս։ Իրենց տարողութեամբ մասնաւորապէս ուշագրաւ էին Լոս Անճելըսի եւ Փարիզի ցոյցերն ու երթերը։ Բազմահազար սփիւռքահայեր այս առթիւ պահանջեցին Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը։

Ամերիկահայութեան կողմէ կատարուած ցոյցերը կ՚ընկալուին նաեւ այդ երկրի մօտալուտ նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի տեսանկիւնէն։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ իր քարոզարշաւի ծիրէն ներս կարճ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըս, ուր դիմաւորուեցաւ բազմաթիւ հայերու կողմէ, որոնք խաղաղ ցոյց մը կը կատարէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով։ Անոնք վանկարկեցին, թէ Հայաստան Թրամփի կարիքն ունի։ Աւելի ուշ Տանըլտ Թրամփ Քերսըն նահանգին մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ հայերուն ու նշեց, որ անոնք լաւ մարդիկ են ու լաւ գործարարներ։ «Երբ այստեղ կու գայի, ճանապարհին տեսայ շատ հայեր՝ դրօշակներով կանգնած։ Ես կը նախանձիմ անոնց ոգիին, որովհետեւ անոնք հզօր ոգի ունին, նուիրուած են իրենց երկրին», ըսաւ ան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թրամփ նաեւ ընդգծեց, թէ աշխատանք կը տարուի հայոց պարագային, սակայն չյստակացուց ըսելիքները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020