ԵՒ 4-ՐԴ ՇԱԲԱԹԸ…

Եւ արդէն չորրորդ շաբաթը կը թեւակոխէ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը։ Արցախի ռազմաճակատին վրայ թէժ մարտերը կը շարունակուին՝ պատճառ դառնալով ծանր կորուստներու։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի յատուկ ջանքերով ու խրախուսանքով շաբաթավերջին հրադադարը թէեւ վերահաստատուեցաւ, սակայն գործնականօրէն սաստիկ բախումները պահ մը իսկ կանգ չառին։ Անշուշտ, խախտումներու կապակցութեամբ հակամարտ կողմերը զիրար կը մեղադրեն։ Շաբաթ մը առաջ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը վերահաստատուեցաւ։ Շաբաթ կէսգիշերին, կիրակի օրուայ սկիզբին արդէն մարդասիրական հրադադար պէտք է հաստատուէր։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ վերահաստատուած ժամկէտէն առաջ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ան Արցախի իրավիճակը քննարկեց իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Այս բոլորէն վերջ Էմմանիւէլ Մաքրոն ողջունեց հրադադարի վերահաստատման որոշումը։ «Ռէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, ան նշեց, որ հրադադարը պէտք է պահպանուի անվերապահ ձեւով եւ խստօրէն։ ԵԱՀԿ-ն ալ ողջունեց մարդասիրական հրադադարի վերահաստատումը։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես հրապարակեց ակնկալութիւնը, որպէսզի կողմերը հաւատարիմ մնան իրենց պարտաւորութիւններուն։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նոյնպէս ողջունեց հրադադարի վերահաստատումը, մինչ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց Ստեփանակերտի պատրաստակամութիւնը՝ մարդասիրական հրադադարի պայմաններու պահպանման ուղղութեամբ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հրադադարը պէտք է ըլլայ կայուն եւ ստուգուած։

Այս բոլորով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ եկաւ հասաւ ճշդուած ժամկէտը։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, ակնկալութիւնները չարդարացան։ Արցախի ճակատին վրայ հնարաւոր չեղաւ մարդասիրական հրադադարը գործադրել, կարելի չեղաւ իրավիճակը խաղաղեցնել։ Շաբաթ օրուան տեւողութեան պաշտպանական բնագծի գրեթէ ամբողջ երկայնքով ռազմական գործողութիւնները արդէն թափով շարունակուած էին, յատկապէս կացութիւնը ծանր էր հարաւային ուղղութիւնով։ Այդ թէժ մարտերը շաբաթ-կիրակի գիշերուան ժամերուն ալ շարունակուեցան, որովհետեւ հրադադարը չգործադրուեցաւ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւան պիտի շարունակէ ձեռնարկել միջոցներու՝ պարտադրելու համար, որ Պաքու կրակը դադրեցնէ։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան հաղորդեց, որ նախորդ գիշեր հրադադարը չէր պահպանուած, իսկ առաւօտեան ժամերուն Ատրպէյճան վերստին յարձակման անցած էր։ Այսպէսով հրադադարի յոյսերը անգամ մը եւս ի դերեւ մնացին։ «Ատրպէյճան արդէն երկրորդ անգամ կը խախտէ կրակի դադրեցման վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը», ահազանգ հնչեցուցին Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հերթական անգամ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը վերջ պիտի դնէ այս հակամարտութեան ուժային ճանապարհով լուծման փորձերուն։ Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ կազմակերպութեան մշտական խորհուրդի ժողովին եւ ըսաւ. «Արցախ երբեք եւ որեւէ կարգավիճակով չի կրնար մաս կազմել Ատրպէյճանին եւ անոր անկախութեան ճանաչումը անհրաժշտութիւն է»։

Մինչ Երեւան եւ Պաքու զիրար կը մեղադրէին հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը խախտելու համար, դաշտի վրայ ռազմական գործողութիւնները օրուան տեւողութեան կ՚ընթանային նոյն թափով։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեանն ալ նախօրէին տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճան հրաժարած էր ներկայանալ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ հրադադարի պահպանման դրութիւններու հարցի քննարկման, մինչ հայկական կողմը գործուղղած էր զինուորականներ։ Բոլոր տուեալները կու գային ապացուցանել, որ երէկուան վերաբերեալ հաղորդումներն ալ պիտի ըլլային սրտաճմլիկ։ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան հերթական մամլոյ ասուլիսը սարքեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան, որ մանրամասնութիւններ հաղորդեց հայկական զօրքերուն կողմէ ցուցաբերուած դիմադրութեան կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան հերթական անգամ չյարգեց հրադադարի պայմանը։ Երէկ վաղ առաւօտէն սկսեալ մարտական գործողութիւնները շարունակուեցան նոյն ուղղութիւններով։ Սկիզբին ռազմաճակատի հիւսիսային ուղղութեան վրայ Ատրպէյճան անցաւ յարձակման ու ետ քաշուեցաւ՝ առանց որեւէ նշանակալի յաջողութեան։ Նոյն ժամանակահատուածին հարաւային ուղղութեան վրայ Ատրպէյճան փորձեց յարձակողական գործողութիւններ ծաւալել։ Մէկ ուղղութեան վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը ինկան հայկական զինեալ ուժերու հուժկու կրակին տակ՝ կորսնցնելով մեծաքանակ զինամթերք։ «Այլ ուղղութեամբ շարունակուած են յարձակողական մարտերը։ Յամառ մարտերով որոշակի տեղաշարժեր ունեցան։ Այդ մասին շատ կը բարձրաձայնեն։ Դուք կը տեսնէք։ Այս պատերազմը չափազանց ուժգին է, սաստիկ եւ մարտական գործողութիւնները կը պարունակեն կրակային մեծ խտութիւն։ Առանձին բնագիծերու, յօրինուած կամ իրական նշաձողերով արտայայտուած տեղանուններով, բարձունքներով առաջնորդուելով յաջողութիւններ յստակեցնելը տուեալ պատերազմին մէջ ընդհանրապէս այժմէական չէ։ Հինգերորդ սերունդի պատերազմ մը կ՚ընթանայ՝ բարձր փորձագիտութիւններու միջոցներով եւ սթաթիք բնագիծերու պահպանութեան համար առանձին մարտական գործողութիւններ չեն վարուիր», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան։

Այս առաւօտ ալ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ գիշերուայ ընթացքին հակամարտութեան գօտիէն ներս ընդհանուր առմամբ իրադրութիւնը եղած է կայուն լարուած, առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը։ Առաւօտեան ժամերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերսկսած են հրետակոծութիւնները հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով։ Վերջին երկու օրերուն ռազմաճակատէն հասած են նաեւ ընդվզեցուցիչօրէն տմարդի դէպքերու վերաբերեալ լուրեր։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան կէսօրուան ժամերուն տեղեկացուց, որ օրուայ սկիզբին ռազմաճակատի մասնաւորապէս հարաւային ուղղութեան վրայ շարունակուած են ծանր մարտերը։ Ատրպէյճանի զօրքերը հրթիռակոծած են խաղաղ բնակավայրեր, նաեւ ներթափանցման գործողութիւններու հետամուտ եղած։ Հայկական ստորաբաժանումները կը դիմեն փոխադարձ միջոցներու, որոնցմով կը մաշեցնեն Ատրպէյճանի զօրքերը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020