ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԵՌԵԱԿԸ ԿԸ ԶԻՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւնները սպառազինութիւն կը մատակարարեն Հայաստանին։

Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շըրնաքի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը եւ այդ ելոյթին ժամանակ ալ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները՝ Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա ամէն ձեւով կ՚աջակցին Հայաստանին։ «Երբ հրադադար կը հաստատուի, ապա հայերը այդ մէկը կը խախտեն, սակայն ոեւէ մէկը ձայն չի հաներ։ Մենք ինչո՞ւ Ատրպէյճանի մէջ ենք։ Մենք ինչո՞ւ Ատրպէյճանի մեր եղբայրներու կողքին ենք։ Ուշադրութիւն ըրէք՝ ի՞նչ կ՚ըսուի. «Մինսքեան եռեակ»», ըսաւ նախագահը։  Ի շարունակութիւն Էրտողան դիտել տուաւ, որ այդ երեք երկիրները Հայաստանի կողքին դիրք գրաւած են։ Հայաստանին, հայերուն ամէն տեսակ զէնք կու տան։ Այս պահուն Ատրպէյճան հայերու դէմ շատ լուրջ պայքարի մը մէջ մտած է։ «Ինչո՞ւ կը մղեն այս պայքարը։ Որովհետեւ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքները հայերէն փրկելու համար պայքար կը մղեն։ Աւելի բնական ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Երեսուն տարիէ ի վեր Ամերիկա, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա բանակցութիւնները չկրցան աւարտել եւ մեր ազէրի եղբայրներու տարածքները չկարողացան իրենց վերադարձնել։ Հիմա մեր ազէրի եղբայրները բռնագրաւեալ այդ տարածքներու ազատագրման պայքարը կու տան։ Աստուած իրենց օգնական ըլլայ։ Կը հաւատամ, թէ այդ բռնագրաւեալ հողերը ետ պիտի առնեն հայերէն, պիտի ազատագրեն։ Կ՚աղօթենք, առաջ Աստուած այս գործը յաջողութեամբ պիտի ընեն», ըսաւ Էրտողան։

Իր ելոյթին մէջ Էրտողան հայկական կողմը մեղադրեց շաբաթավերջին յայտարարուած հրադադարը խախտելու եւ կրկին յարձակման ձեռնարկած ըլլալու համար։ «Արեւմուտքը լուռ է այս իրողութեան առջեւ, իսկ Թուրքիան չի կրնար լռել», ըսաւ նախագահը։

Էրտողանի այս բուռն ելոյթին առընթեր, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Աքար այս առթիւ ըսաւ. «Հայաստան կը շարունակէ ռազմական յանցագործութիւններ կատարել, իսկ անոնք, որոնք հրադադարի եւ բանակցութիւններու կոչեր կը հնչեցնեն, իրադրութեան հեռուէն կը հետեւին»։

Մինչ այդ, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան այս ուղեւորութեան ձեռնարկած է՝ Ատրպէյճանի Ազգային տօնին առթիւ։ Բաց աստի, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ նոյն առթիւ հրապարակեց շնորհաւորական մը։

Բաց աստի, Ալիեւի խորհրդականներէն Հիքմեթ Հաճիեւ հերթական անգամ յայտարարեց, որ Թուրքիա պէտք է անմիջական մասնակցութիւն ունենայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն։ «Թուրքիա եւ Ռուսաստան Ատրպէյճանի բարեկամ եւ հարեւան երկիրներ են։ Անոնք իրենց դիրքորոշումը ունին։ Այդ իսկ պատճառով կը կարծենք, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը բանակցութիւններու արագ յառաջընթացին կը նպաստէ», ըսաւ Հաճիեւ ռուսական պարբերականի մը տուած հարցազրոյցին մէջ։

Միւս կողմէ, թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը շարունակեն գրել, որ Հայաստան նկատի չէ առած շաբաթավերջին հաստատուած հրադադարը, իսկ ռազմաճակատի վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը յառաջխաղացում կ՚արձանագրեն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020