ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեան ամերիկեան մամուլին յայտնեց, որ ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին այս այցելութեան համար։ Մնացականեան հանդիպում մը պիտի ունենայ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Այս այցելութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ։ Զօհրապ Մնացականեանի այցը թէեւ ծրագրաւորուած է ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան տարեկան նախագծի շրջանակներէն ներս, բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ այդ մէկը կը դառնայ հրատապ։

Մնացականեանի մօտալուտ այցելութեան վերաբերեալ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութեան նախորդեցին բազմաթիւ հրապարակումներ, ըստ որոնց Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա թէ՛ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին եւ թէ սերտօրէն կը համագործակցին։ Ուաշինկթընի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Անթոնով շաբաթավերջին տուած հարցազրոյցին մէջ ընդգծեց, որ սկզբունքային հարցերու կապակցութեամբ ամերիկեան եւ ռուսական կողմերու դիրքորոշումները կը համընկնին Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին շուրջ։ «Հաճելի անակնկալ էր, երբ հրապարակուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք պետութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւնը։ Այնքան քիչ են դէպքերը, երբ ամերիկեան եւ ռուսական տեսակէտները կը համընկնին։ Որոշ նրբութիւններ թէեւ առկայ են, սակայն սկզբունքօրէն մենք կ՚աջակցինք այն գործընթացին, որ պէտք է կողմերը առաջնորդէ հարցի լուծման խաղաղ ճանապարհին», ըսաւ դեսպան Անթոնով։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ իրենք կողմերուն զսպուածութեան, նախ եւ առաջ կրակի դադրեցման եւ դիւանագիտական ջանքերու վերադառնալու կոչ կ՚ուղղեն։

Մնացականեանի Ուաշինկթըն այցելութեան ընդառաջ «Eurasianet» կայքէջն ալ հաղորդեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ վերջին տարիներու ամենասաստիկ հակամարտութեան մէջ յայտնուած է։ ԱՄՆ եւ եւրոպական երկիրներ տկար արձագանգ կու տան այս պատերազմին եւ այս կացութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ հայկական կողմը ուշադրութեամբ հետեւի Մոսկուայէն հասած ազդակներուն։ Ըստ նոյն աղբիւրին, հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Թուրքիա բոլոր առումներով աջակցած է Ատրպէյճանին, իսկ Ռուսաստան յարաբերաբար աւելի չէզոք դիրքորոշում մը կը զբաղեցնէ՝ հակառակ, որ ռազմախարիսխ մը ունի Հայաստանի մէջ ու պայմանագրով պարտաւորութիւններ ստացած է հայկական կողմին նկատմամբ։

Հայաստանեան լրահոսին մէջ ալ ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան քաղաքական մեկնաբաններու տեսակէտները, ըստ որոնց ԱՄՆ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումը վստահած է Ռուսաստանին՝ հասկնալով, թէ միայն ան կը կարողանայ կողմերը նստեցնել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ Այս մօտեցումին հետ համընկնեցան նաեւ շաբաթավերջին Պերլինէն բարձրացած ձայները։ Այսպէս, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս յայտնեց, որ առանց Մոսկուայի կարելի չէ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի կամ այլ վայրերու մէջ ծագած հակամարտութիւնները։ «Մենք Ռուսաստանի հետ նոյն սեղանին շուրջ կը նստինք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, Լիպիոյ եւ Ուքրայնոյ հարցին վերաբերեալ Պերլինի բանակցային գործընթացին մէջ։ Բոլոր համաժողովներուն կը խօսուի պատերազմները դադրեցնելու, լուծում գտնելու մասին։ Առանց Ռուսաստանի հնարաւոր չէ լուծել հակամարտութիւնները ո՛չ միայն Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Ուքրայնոյ, այլեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Վենեզուելլայի մէջ», ըսաւ Հէյքօ Մաաս եւ աւելցուց, որ Գերմանիա չի պատրաստուիր Ռուսաստանի հետ երկխօսութենէ հը-րաժարելու։

Տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներէն Թեհրանի կողմէ ալ շաբաթավերջին հնչեցուեցան համանման տեսակէտներ։ Այսպէս, Մոսկուայի մօտ Իրանի դեսպան Քեազըմ Ճալալի յայտնեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի Ռուսաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով նախաձեռնութեան։ Իր կարծիքով՝ այս հարցին շուրջ Թեհրան, Մոսկուա եւ Անգարա կրնան հանդէս գալ՝ որպէս երաշխաւոր։

Գերմանական  «Deutsche Welle»ն ալ վերջին օրերուն անդրադարձաւ Թեհրանի դիրքորոշման։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ Իրան կը փորձէ պահպանել բարդ եւ նուրբ յարաբերութիւններու ցանցը միջազգային խոշորագոյն դերակատարներու հետ։

Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներու աշխոյժ երթեւեկի մը մէջ էր։ Այսպէս, ան խօսեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Հայ եւ ռուս նախարարներու հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին վերահաստատուած, սակայն դարձեալ ձախողած հրադադարի ժամկէտէն առաջ։ Իսկ միւս հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցան այդ խախտումներու կրկնութեան մթնոլորտին մէջ։ Մնացականեան ֆրանսացի պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ լայնածաւալ ռազմական բռնութիւնը Արցախի դէմ։ Նկատի ունենալով, որ հրադադարի վերահաստատումը Փարիզի մասնաւոր ջանքերով կատարուած էր՝ Զօհրապ Մնացականեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի ղեկավարութեան՝ մանաւանդ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի անձնական ներդրումը։ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը կրակի դադրեցման ամրապնդման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Գանատացի պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրադրութիւնը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց արտատարածքաշրջանային դերակատարներու՝ հակամարտութեան ընթացքին չմիջամտելու անհրաժեշտութիւնը։

Ժոզէֆ Պորելի հետ զրուցելու ընթացքին Մնացականեան ներկայացուց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան հասցուած վնասները։ Պորել, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ալ ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի խախտումները։ «Հակամարտութիւնը արդէն պատճառ դարձած է քաղաքացիական բնակչութեան անթոյլատրելի կորուստներու», նշուած է Պորելի յայտարարութեան մէջ։

Իր կարգին, Զօհրապ Մնացականեանն ալ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով. «Սեփական յանձնառութիւններու անտեսումը ի ցոյց կը դնէ Պաքուի փտած վարչախումբի գործելաոճը»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020