ՍԻՒՆԻՔԷՆ ԿՈՉ

Լեռնային Ղարաբաղի սաստիկ պատերազմին հետեւանքով արտասովոր իրավիճակ մը ստեղծուած է նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս։ Երկրի հարաւին, Իրանի սահմանակից այս մարզը լուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Ատրպէյճանի բանակը պատերազմի սկիզբէն ի վեր կը ձգտի Արցախը շրջափակել եւ այս պատճառով ռազմաճակատի հիւսիսի եւ հարաւի ուղղութիւններուն վրայ սաստիկ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ։ Այստեղ նպատակն է Արցախի յարակից անվտանգութեան գօտին ճեղքել եւ մուտք գործել Հայաստանի եւ Արցախի արանքին մնացած շրջանները։ Այս տեսանկիւնէն Հայաստանի Սիւնիքի մարզը շատ նուրբ աշխարհագրական դիրքի մը վրայ կը գտնուի եւ պատերազմի յաջորդելիք հանգրուաններուն ճակատագրական իրադարձութիւններ կրնան ապրուիլ այնտեղ։

Այս մտահոգիչ հեռանկարներուն ընդառաջ, շաբաթավերջին Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեանն ու մարզի համայնքներու ղեկավարները զինուորագրուելու կոչ ուղղեցին ժողովուրդին։ Այսպէս, 20-60 տարեկան բոլոր տղամարդիկ հրաւիրուեցան զէնք վերցնելու։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճան կը սպառնայ զաւթել Սիւնիքը։ Նոյն յայտարարութեան մէջ բնակչութեան խորհուրդ տրուեցաւ խուճապի չմատնուիլ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ արձագանգեց այս կոչին։ Ան ըսաւ, որ յայտարարութիւնը որեւէ խուճապի առիթ պէտք չէ հանդիսանայ եւ անոր նպատակն է՝ ապահովել տարածքաշրջանի անվը-տանգութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020