«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ» ՆԱՄԱԿԱՆԻՇՆԵՐԸ

«Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ե­րէ­կուան դրու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրաւ «Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րան­ներ. Սէր­կէյ Փա­րա­ճա­նո­վի թան­գա­րան» ա­նու­նով եր­կու նա­մա­կա­նիշ։ «Ար­­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն վրայ ներ­կա­յա­ցուած են Սէր­կէյ Փա­րա­ճա­նո­վի թան­­գա­րա­նի սրահ­նե­րու քո­լաժ­նե­րուն պատ­­կեր­նե­րը։

Նոյն թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ դրոշ­մա­թուղ­թի կնքման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ «Հայ­փոստ»ի տնօ­րէն Խուան Փաւ­լով Կեչի­ճեան, Հա­յաս­տա­նի Ֆի­լա­թե­լիստ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Յո­վիկ Մու­սա­յէ­լեան եւ Փա­րա­ճա­նո­վի թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Զա­ւէն Սարգսեան հան­դի­սա­ւո­րա­պէս կնքե­ցին այս յատ­կան­շա­կան նա­մա­կա­նի­շը։

Այս նա­մա­կա­նիշ­նե­րուն գե­ղա­րուես­տա­կան ձե­ւա­ւոր­ման հե­ղի­նակն է Դա­ւիթ Տով­լա­թեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016