ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐԴ ՎԻՃԱԿ

Յունաստանի մէջ նախատեսուած Սահմանադութեան փոփոխութիւններու ծիրէն ներս պետական ու կրօնական գործերու տարանջատման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը կը շարունակեն զբաղեցնել հանրային կարծիքի օրակարգը։ Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Աթէնքի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի միջեւ այս ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը արդէն նոր մարտահրաւէրի մը վերածուած է։ Արդարեւ, Աթէնքի մէջ գումարուած Սրբազան սինոդի ժողովին ընթացքին այդ համաձայնութիւնը հաւանութեան չէ արժանացած՝ հակառակ Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի բոլոր պնդումներուն։ Թէեւ Յունաստանի կառավարութիւնը որոշած է յանմենայնդէպս առանձինն գործադրել այդ համաձայնութիւնը, սակայն սինոդի կողմէ առնուած որոշումները լուրջ ձախողում մը ու պարտութիւն մը կը համարուին թէ՛ Ցիփրասի եւ թէ Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն մամուլին մէջ լոյս տեսած էին նաեւ զանազան լուրեր, ըստ որոնց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ալ վերապահութիւն դրսեւորած էր Յունաստանի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած վերջին քայլերուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018