ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդը վերջերս օրակարգի վրայ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Սա խորհուրդի 1200 -րդ նիստն էր, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արման Կիրակոսեան։ Միեւնոյն ժամանակ, այս ելոյթին մէջ դեսպան Կիրակոսեան պատասխանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարեկան զեկոյցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արման Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց միջնորդներուն՝ հիմնահարցի լուծման ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն համար։ Ժողովի ընթացքին դեսպանը ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման ձգտումին ի պատասխան Ատրպէյճան իրականացուցած է բռնութիւններ, տեղահանումներ, ոճրագործութիւններ եւ սանձազերծած է պատերազմ։ Արման Կիրակոսեան արձանագրեց, որ ժամանակէն ի վեր Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը դարձած են հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորագոյն տարրերը։

ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին Արման Կիրակոսեան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը այսօր ալ մեծապէս կ՚արժեւորէ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Այս հանգամանքը ապացուց-ւած է անցեալ գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ եւ ժողովրդավարական փոփոխութիւններով, որոնց հիման վրայ յառաջիկայ դեկտեմբերին նախատեսուած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Անդրադառնալով հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու դիրքորոշման՝ դես-պան Կիրակոսեան առանձնացուց հետեւեալ կարեւոր կէտերը.

Ա- Արցախի ժողովուրդին կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը հակամարտութեան լուծման առանցքային հարցերէն են ու կը հանդիսանան Հայաստանի բացարձակ առաջնահերթութիւնը։

Բ- Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները պէտք է վճռական ձայն ունենան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Արցախն ու իր ժողովուրդը կարգաւորման գործընթացէն օտարելու որեւէ փորձ կը հակասէ թէ՛ հակամարտութեան ծագման պատճառներուն եւ թէ առկայ իրականութեան։

Գ- Հայաստան կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ լուծման։

Դ- Հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում ու ռազմական վարկածները պէտք է անվերապահօրէն մերժուին։ 2016 թուականի ապրիլի ռազմական արկածախնդրութիւնը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է հաշտութեան գործընթացին վրայ։  Վերջին հանդիպումներու եւ Տուշանպէի մէջ գոյացած համաձայնութիւններու արդիւնքով ապահովուած ներկայ դրական թափին պէտք է հետեւի Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ արդէն իսկ համաձայնեցուած՝ վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներու իրականացումը։ Այսպէսով պէտք է ամրապնդուի նաեւ ԵԱՀԿ-ի ներկայութիւնը հակամարտութեան գօտիէն ներս։

Ե- Խաղաղութեան նպաստող միջավայրի մը ստեղծումը կը պահանջէ ո՛չ միայն լարուածութեան նուազեցում եւ դիտարկումներու դրութեան հաստատում, այլեւ՝ ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստում։ Թշնամական հռետորաբանութիւնն ու առաւելապաշտ դիրքորոշումները կասկածի տակ կը դնեն փոխադարձ զիջումներու հնարաւորութիւնները։

Վերոյիշեալ կէտերը նշելու առընթեր Արման Կիրակոսեան ժողովի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցչին եւ իր գործակիցներու խումբին՝ հրադադարի դրութեան ուժեղացման եւ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներու խթանման բերումով։ Արման Կիրակոսեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասէ ներս միակ միջազգային ներկայութիւնն է ԵԱՀԿ-ի ներկայութիւնը, ինչ որ կարեւոր դեր կը կատարէ շփման գծի եւ սահմանային հատուածի լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ։

Նոյն ժողովի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը՝ Կրեկորի Մաքրիսն ալ յայտեց, որ Ուաշինկթըն կը բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի ռազմական կարգաւորումը։

Միւս կողմէ, մինչեւ տարեվերջ հաւանական է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ նոր տեսակցութեան մը հաւանականութիւնը։ Այդ տեսակցութիւնը տեղի կրնայ ունենալ յառաջիկայ ամիս Միլանոյի մէջ, ուր նախատեսուած է ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տարեկան հաւաքը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ վերջին օրերուն անդրադարձաւ այս հաւանականութեան եւ յիշեցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յղացած են այդ առաջարկը։ Ըստ բանբերին, տակաւին ամէն ինչ յստակ չէ եւ հաւանական այդ տեսակցութեան մասին վերջնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի՝ երբ ամէն ինչ պարզուի։

Մինչ այդ, Զօհրապ Մնացականեանն ալ վերջին օրերուն ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ խիստ վտանգաւոր կը համարէ տարածքաշրջանէ ներս սպառազինութիւններու մրցավազքը։ «Մեր երկիրը կը գտնուի շատ զգայուն տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր կայ չլուծուած հակամարտութիւն մը եւ խաղաղութեան ու կայունութեան հասնիլը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման համար նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորումը մեզի համար կարեւորագոյն խնդիրներ են։ Այս պայմաններուն ներքեւ սպառազինութիւններու մրցավազքը խիստ վտանգաւոր երեւոյթ մըն է», ըսաւ Մնացականեան եւ հերթական անգամ յստակօրէն ընդգծեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018