ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իտալիա։ Հռոմի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ Ազգային հետազօտութիւններու խորհուրդի նախագահ Մասսիմօ Ինկուշոյի հետ։ Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ «Թուային աշխարհաքաղաքականութիւն. նոր սահմաններ, աճ եւ ազգային անվտանգութիւն» խորագրեալ գիտաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթա։ Մասնակիցներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն քաղաքական վերլուծաբան Ալէք Ռոս, ինչպէս նաեւ միջազգային գիտական ու փորձագիտական շրջանակներէ յայտնի ներկայացուցիչներ։ Հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս քննարկուեցան արդիւնաբերութեան թուային եղափոխութեան, նոր իրողութիւններու մէջ պաշտպանական, անվտանգութեան եւ օդատիեզերագնացութեան ոլորտներէ ներս արձանագրուած փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան գիտաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ կանգ առաւ համաշխարհայնացման եւ յարափոփոխ աշխարհի վրայ։ Շեշտելով, որ աշխարհ այսօր սրընթաց փոփոխութիւններու ականատեսն է՝ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Աշխարհ ամէն օր աւելի ու աւելի արագ կը փոխուի։ Եւ վաղը առաջնորդ պիտի դառնայ ան, որ պիտի գիտակցի այս փաստը։ Համաշխարհայնացումը մաքրօ մակարդակէ դարձած է միքրօ. ընկերութիւնները, անհատները այլեւս անկասելի են»։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Իտալիոյ կառուցապատող ընկերութիւններու ազգային ընկերակցութեան ղեկավարութեան հետ։ Քննարկուեցան Հայաստանէ ներս գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւնները։ Նախագահ Սարգսեան առաջարկեց ուսումնասիրել Կիւմրիի հին շինութիւններու վերականգման կարելիութիւնները։ Ընկերակցութեան ղեկավարութիւնը հետաքրքրութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու շուրջ։

Իտալական այս ընկերակցութիւնը կը գործէ 1946 թուականէն ի վեր։ Անոր հովանիին տակ համախմբուած է շուրջ 20 հազար մասնաւոր ընկերութիւն եւ ընկերակցութիւնը կը գործէ աշխարհի 92 երկիրներէ ներս։ Այդ մասնաւոր ընկերութիւնները մասնագիտացած են բնակելի, առեւտրական եւ արդիւնաբերական շինութիւններու, ենթակառուցուածքներու զարգացման, վերանորոգման աշխատանքներու, բնապահպանական բնագաւառներու ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018