ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՅԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԻՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՎԱՍԻՓ ՇԱՀԻՆԻՆ

Էմինէօնիւի պատմական Եգիպտական շուկայի Գործարարներու միութեան ղեկավարութիւնը վերջերս հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին, որ ներկայիս նշանակուած է Անգարայի կուսակալ։ Գործարարները այս առթիւ Վասիփ Շահինին շնորհակալութիւն յայտնեցին Իսթանպուլի մէջ որպէս կուսակալ պաշտօնավարած տարիներուն մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Վասիփ Շահինի նոր պաշտօնին համար։

Եգիպտական շուկայի գործարարներուն անունով Վասիփ Շահինի ներկայացած խումբին մէջ կը գտնուէր նաեւ մեր ազգայիններէն Նազարէթ Էօզսահակեան, որ ատենապետն է Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018