ԿՐԿՆԱԿ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Արցախի Պետական համալսարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորի շնորհանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է, հայագիտական այս հանդէսը կը հրատարակուի Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանին կողմէ։ Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Անդրանիկ Տաքէսեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Պետական համալսարանէն դասախօսներ, ուսանողներ եւ նոյնպէս Արցախէն հոգեւոր հայրեր։

Մինչ այդ, այս շնորհանդէսին զուգահեռ Ստեփանակերտի մէջ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Փոլ Հայտոսթեան եւ նախարար Մասիս Մայիլեան։

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի այս արարողութիւններէն վերջ, Երեւանի մէջ ալ շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորին համար։ Մատենադարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած այս շնորհանդէսին մասին մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդենք վաղուան թիւով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018