ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՆԵՐԴՐՈՂԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ալիաղայի մէջ, Իզմիր, գործել սկսած «Սթար» զտարանին շնորհիւ Ատրպէյճան դարձած է Թուրքիոյ ամենամեծ արտասահմանեան ներդրողը։

Ազգային մեծ ժողովէն ներս վերջին օրերուն Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթով մը հանդէս եկաւ 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի վերաբերեալ քննարկումներու ծիրին մէջ։ Նախարարը այս առթիւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Անգարա-Պաքու համագործակցութեան ընթացքին։ Չավուշօղլու բացատրեց, որ տարուան տեւողութեան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ խտացեալ ձեւով շարունակուած են շփումներն ու փոխադարձ այցելութիւնները։ Իր խօսքով՝ Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան, Պաքու-Թիֆլիզ-Էրզրում եւ TANAP-ի նման համատեղ ծրագրերով յառաջ տարուած համագործակցութեան արդիւնքները արդէն կը քաղուին։ Ներկայիս աշխատանք կը տարուի՝ որպէսզի Անդրադրիական խողովակաշարին (TAP) միջոցաւ Ատրպէյճանի բնական կազը հասնի Եւրոպայի շուկայ։

Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու խորհրդարանի ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Նախիջեւան-Հայաստան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան վերահսկողութեան տակ առած է Քըզըլքայա բլուրը, որ նախապէս Հայաստանի ձեռքը կը գտնուէր։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ սա կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ իրենք պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել, որպէսզի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրները կարգաւորուին խաղաղ ճանապարհով։

Բաց աստի, Մեւլիւտ Չավուշօղլու խօսեցաւ նաեւ Վրաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւններուն հետ հաստատուած սերտ շփումներուն եւ համագործակցութեան շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ  կ՚աջակցի Ախալցխայի թուրքերուն։ Էօզպեքիստանի մէջ իշխանութեան գլուխ եկած է նոր ղեկավարութիւն մը եւ զուգահեռաբար յարաբերութիւնները վերաշխուժացած են։ Թիւրքմենիստանի հետ ալ կապերը ամրապնդուած են անցեալ շրջանին։

Խորհրդարանի քննարկումներուն ընթացքին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտասահմանաբնակ քաղաքացիները կը դիմագրաւեն զանազան խնդիրներ. ինչպէս՝ օտարատեացութիւն, ցեղապաշտութիւն, հակաիսլամութիւն կամ հակաթրքութիւն։ Նախարարը յայտնեց, որ պետութիւնը պարտաւոր է այդ բոլորին դէմ պաշտպանել քաղաքացիները եւ իրաւական գետնի վրայ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի այն բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք դժուարութիւններ կ՚ապրին այս կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018