ՄՈԿԵՐԻՆԻ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Ներկայ շաբթուան տեւողութեան Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան հերթական ժողովը։ Յառաջիկայ հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին նախատեսուած են բանակցութիւնները, որոնց առթիւ Թուրքիա պիտի այցելեն Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար ու Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքակա

նութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանն։ Այցելութեան ընթացքին եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները պիտի հիւրընկալուին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին Չավուշօղլու պիտի գլխաւորէ թրքական պատուիրակութիւնը՝ ըլլալով միեւնոյն ժամանակ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու։

Անգարայի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի վիճակը։ Կողմերը կ՚ակնկալեն շօշափել այն բոլոր հարցերը, որոնք առընչութիւն ունին հասարակաց օրակարգի կամ համատեղ շահերու հետ։ Բաց աստի, բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, գաղթի դէմ ծաւալուած պայքարին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ շարք մը կարեւոր բնագաւառներու վերաբերեալ հարցերու կապակցութեամբ։

Քաղաքական երկխօսութեան այս ժողովը կը զուգադիպի շատ կարեւոր ժամկէտի մը, որովհետեւ վերջին շրջանին Եւրոպայէն կը բարձրանան զանազան ձայներ՝ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ։

Բանակցութիւններու աւարտին նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018