ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵՑ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան Սամաթիոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց այս առթիւ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։

Սամաթիոյ երէկուան արարողութիւնները անցան տօնական մթնոլորտի մը մէջ։ Նորին սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ պատարագեց Դպրաց դասու նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր սրբազան հայրը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց երգչախումբի հետեւեալ անդամներուն. Պուրակ Կէօչէր, Սէրճան Արագիլեան, Արտէն Միւճերրեթօղլու, Արաս Փնարճը, Արթիւր Կէզ, Արման Մարազեան, Էմիլ Ըրկաւ, Յովհաննէս Մուրատեան, Սարվէն Մըղտըս, Ալպերթ Ըրկաւ, Արմէն Շարքլը եւ Դաւիթ Թուրկայ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի հոգելոյս հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, բոլոր անդամներն ու սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սար-քըւեցաւ սիրոյ սեղան։ «Աճառեան» սրահի աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց ընդհանուր փոխանորդը, որու կողքին էին հայր սուրբը եւ տէր հայրը։ Ներկայ էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները, թաղի բոլոր մարմիններէն պատասխանատուներ, քոյր դպրաց-դաս երգչախումբերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ղուկաս Արզուման եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մարի Արզումանի, որ բացումին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Տնօրէն խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը ընթերցեց Սէրլի Զեքի, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան։ Նոյն կապակցութեամբ ցուցադրուեցան նաեւ տեսանիւթեր։

Յայտագրի տեւողութեան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը աշխարհիկ երգերու փունջ մըն ալ ներկայացուց։ Նոյն ծիրին մէջ հանդէս եկան նաեւ մանկապատանեկան կազմի ներկայացուցիչերը, որոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց կատարումներով։

Աշխարհիկ հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018