ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Արցախի եւ Ֆրանսայի կապերուն, Ստեփանակերտի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Բակօ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդին կողմէ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերուած յատուկ ուշադրութեան համար։ Ան յոյս յայտնեց, որ համագործակցութեան բարձր աստիճանը կը պահպանուի նաեւ ապագային։

Փարիզ այցէն վերջ Սահակեան անցաւ ԱՄՆ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018