ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան նախընթաց օր այցելեց «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցը, ուր բուժում կը ստանան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ։ Սա Հայաստանի կարեւորագոյն բժշկական մասնագիտական հաստատութիւններէն մին է։ Աննա Յակոբեան, որ հիւրընկալուեցաւ «Մուրացան» հիւանդանոցի ղեկավարութեան կողմէ, մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ այնտեղ ծաւալուած գործունէութեան, առկայ կարիքներու զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Այդ հիւանդանոցէն ներս Աննա Յակոբեան ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեց այն երեխաներուն նկատմամբ, որոնք կը տառապին շաքարախտէ եւ կը ստանան համապատասխան բուժում։ Վարչապետի տիկինը իւրաքանչիւրին հետ զբաղեցաւ՝ ստեղծագործական աշխատանք ծաւալելու ժամանակ։ Տղաքն ալ երգերով ու պարերով հանդէս եկան՝ խանդավառելով մթնոլորտը։

Աննա Յակոբեանի այցելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018