ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Դժբախտաբար, ան վերջին շրջանին վարակուած էր քորոնաժահրով եւ Երեւանի մէջ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Բժիշկները խտացեալ խնամք կը ցուցաբերէին նորին սրբազնութեան առողջութեան վերականգնման համար։ Մեղք, որ հակառակ բոլոր ջանքերուն, հնարաւոր չէ եղած այդ ջանքերը պսակել յաջողութեամբ։ Ափսոս, որ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակի։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան ուրոյն դէմք մըն էր իր սերունդի եկեղեցականներու շարքին։ Մալաթիա ծնած եւ փոքր տարիքով ընտանիքին հետ Հայաստան ներգաղթած էր։ Նուիրուած էր եկեղեցական ասպարէզի եւ իր խնամատարութեան յանձնուած Գուգարաց թեմէն ներս ապահոված էր կենսունակութիւն, եկեղեցական կեանքէ ներս ձեռքբերումներ։ Եպիսկոպոս օծուած էր երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ։ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան միշտ սերտ ու ջերմ կապեր պահած էր թրքահայ շրջանակներու հետ։ Մանաւանդ վերջին շրջանի պատրիարքական ընտրութեան տագնապին ժամանակ թէեւ հեռակայ, սակայն մշտական ներկայութիւն մը դարձած էր մեր համայնքէն ներս։ Պատրիարքական թեկնածուներու շարքին էր եւ արդէն յայտարարած էր այդ մասին։ Պարբերաբար Պոլիս կ՚այցելէր, ուր ունէր իր համակիրներու շրջանակը։ Պատրիարքական ընտրութեան չէր կարողացած մասնակցիլ՝ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պատրաստուած կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն բերումով։

Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան Հայց. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասու վառ ներկայացուցիչներէն մին էր եւ վերջին տարիներուն կ՚անդամակցէր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին։

Անժամանակ այս կորուստը իսկապէս ցաւալի է եւ բոլորը այժմ կը սգան Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի վախճանումը։

Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները յայտնի պիտի դառնան յառաջիկային։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020