ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոուզ Կոթեմիւլլէր յայտնեց, որ դաշինքը կը յուսայ նոր ազդակ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս՝ քանի որ հակամարտութեան լուծումը շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։ Փոխ-ընդհանուր քարտուղար Կոթեմիւլլէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի կողմէ։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ալ բարձրաստիճան հիւրը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նախագահ Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին, բացի Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններէն, անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան, տարածքաշրջանային զարգացումներուն եւ այդ ամբողջին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին։ Դաշինքի ներկայացուցիչը հետաքրքրուեցաւ նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններէն վերջ Հայաստանի մէջ կառավարման նոր համակարգի անցնելու կապակցութեամբ ձեռնարկուած գործընթացներով։ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութիւնը կը զարգանայ բնականոն ձեւով։

Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ բարձրաստիճան հիւրին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ ՆԱԹՕ-ի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Վիգէն Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին ալ Կոթեմիւլլէր բարձր գնահատեց Հայաստանի խաղաղապահ ստորաբաժանումներու մասնակցութիւնը Աֆղանիստանի եւ Քոսովայի մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ ղեկավարուած գործողութիւններուն։ Փոխ-ընդհանուր քարտուղարը կարեւորեց նոր կարողութիւններու զարգացման, համագործակցութեան բարելաւման համատեղ ջանքերը, համագործակցութիւնը ռազմական կրթութեան եւ այլ ուղղութիւններով։

Հարկ է նշել, որ 13-18 Դեկտեմբեր թուականներուն Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած «ՆԱԹՕ-ի շաբաթ»ը, որու եզրափակիչ փուլին առթիւ տեղի ունեցաւ Կոթեմիւլլէրի այս այցելութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017