ԶԱՐԹՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԻԹ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի խնդիրը առիթ պիտի հանդիսանայ մարդկութեան ամբողջութեամբ զարթնելուն։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Համաշխարհային գաղթականաց օրուան առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ Երուսաղէմի շուրջ ծաւալուած վերջին իրադարձութիւններուն։ «Այսօր Երուսաղէմի մէջ արտասուած իւրաքանչիւր մանուկ, ցաւի ենթարկուած իւրաքանչիւր մայր, սպաննուած, ծեծուած իւրաքանչիւր անձ ազդանշան մըն է նոր փոթորիկի մը համար, որ կը մօտենայ։ Երուսաղէմի խնդիրը ամբողջ մարդկութեան եւ մահմետականներուն զարթնելուն առիթ պիտի դառնայ», ըսաւ Էրտողան։

Նախագահը ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ աշխարհի վրայ առկայ ընկերային անարդարութիւններուն։ Մասնաւորապէս շատ ցած աշխատավարձերու հարցի լոյսին տակ Էրտողան շեշտեց, որ ցած աշխատավարձերով մարդոց անժամանակ ձեւով աշխատցուիլը, այդ ուղղութեամբ ստեղծուած պարտադրանքները արդի գերութիւն կը համարուին։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ քննարկեց Երուսաղէմի վերջին ճգնաժամին վերաբերեալ բանաձեւ մը։ Խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրները հաւանութիւն տուին նախագծին, սակայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այդ փաստաթուղթը ենթարկեց վեթոյի։ Հակառակ ԱՄՆ-էն դուրս բոլոր երկիրներու տուած հաւանութեան, այդ փաստաթուղթը հաւանութեան չարժանացաւ եւ անոր ճակատագիրը պիտի շարունակուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս նախատեսուած ընթացակարգերով։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը եւ քննադատեց Ուաշինկթընի դիրքորոշումը՝ ընդգծելով անոր առանձին մնացած ըլլալու հանգամանքը։

Նոյն կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017