ՊԱՏՈՒՈՎ ՀՐԱԺԵՇՏ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Փրոֆ. Թորոս Ալճան երէկ առաւօտ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Իր առաքելութեան շրջանի աւարտին առթիւ ան նախաճաշի սեղանի շուրջ զրուցեց փոքրամասնական համայնքներու մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ Հերթի փոփոխութեան ներկայ փուլին Թորոս Ալճան պատուով հրաժեշտ կ՚առնէ այդ պաշտօնէն, որուն գլուխը կու գայ Թուրքիոյ հրեայ համայնքէն ներկայացուցիչ մը։ Անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին Թորոս Ալճան ծաւալեց բեղուն գործունէութիւն։ Այդ դիրքին վրայ ան կուտակեց փորձառութիւն եւ ունեցաւ հետաքրքրական դիտարկումներ։ Երէկ առաւօտ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ խօսեցաւ այդ բոլորին շուրջ։

Եռամեայ պաշտօնավարութեան փորձառութեան լոյսին տակ Թորոս Ալճան յայտնեց, որ փոքրամասնութիւնները պէտք չէ ընկալուին կամ դիտարկուին զուտ որպէս հաւաքականութիւններ, որոնք կալուածներու, տարածքներու սեփականութեան իրաւունքը կը հետապնդեն։ Իրականութեան մէջ անոնք ունին նաեւ կենսական զանազան նիւթեր եւ նախընտրելի պիտի ըլլար, որ այդ բոլորին հիման վրայ եւս առարկայ դառնային հանրային կարծիքի հետաքրքրութեան։

ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Անդրադառնալով փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին՝ Ալճան յիշեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն աշխատած է հինգ տարբեր նախարարի հետ։ Իւրաքանչիւրը թէեւ արժէքաւոր ու բարեացակամ դէմքեր էին, սակայն վերջին հաշուով, գործնական առումով, սա եղաւ դժբախտութիւն։ Արդարեւ, անհրաժեշտ եղաւ իւրաքանչիւր նախարարին հարցը ներկայացնել, մանրամասնութիւնները մատուցել նորովի։ Ժամանակի կորուստները դարձան անխուսափելի։

Աւելի վերջ Թորոս Ալճան մատնանշեց, որ պետութիւնը պատրաստութիւններ տեսած է՝ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններուն համար ընտրական կանոնադրութիւն մը եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու օրէնք մը մշակելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, կանոնադրութեան հարցին շուրջ կարելի չեղաւ յառաջընթաց արձանագրել, որովհետեւ իւրաքանչիւր համայնք ունի առանձնայատկութիւններ եւ անոնցմէ բխած ուրոյն ակնկալութիւններ կամ պահանջներ։ Այդ բոլորը ծնունդ տուած են հակադիր, հակասական եւ իրերամերժ հանգամանքներու։ «Դժուարութիւններ կը յարուցէ՝ մէ՛կ կանոնադրութիւնով եօթ համայնք ղեկավարելու ձգտումը», ըսաւ Թորոս Ալճան։

ԴԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐ

Ասուլիսի ընթացքին Թորոս Ալճան բացատրեց, որ պաշտօնի կոչուած ժամանակ՝ երեք տարի առաջ, բոլոր փոքրամասնական համանքներուն հետ շփման մէջ անցնելով վերահասու դնրձած էր անոնց խնդիրներուն։ Այդ հիման վրայ համապատասխան ձեւով հետեւողական աշխատանք տարած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներս։ Ներկայիս փոքրամասնական համայնքները թէեւ ունին չլուծուած հարցեր, սակայն անոնք Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վարոյթին ենթակայ չեն, բոլորն ալ դատական իշխանութիւններու քննարկման տակ են ներկայիս։

ՀԵՐԹԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Պաշտօնավարութեան տարիներուն հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կարելին ըրած ըլլալով՝ Թորոս Ալճան կը պատրաստուի հերթը փոխանցել հրեայ համայնքէն Մորիս Լեւիին։ Տարեմուտին՝ յառաջիկայ 15 Յունուարին նախատեսուած է հերթի փոխանակման արարողութիւն մը։ Մինչ այդ, որոշուած է, որ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի քարտուղարուհին՝ Մութեպեր Եըլմազճան յառաջիկայ շրջանին շարունակէ աշխատանքը։

Ասուլիսի աւարտին Թորոս Ալճան ներկայ լրագրողներուն ներկայացուց նաեւ իր ջանքերով ստեղծուած բազմակողմանի արխիւը, որու մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է փոքրամասնութեանց մամլոյ հրապարակումներուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017