ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Տարեմուտի դրութեամբ Իտալիա դարձաւ ԵԱՀԿ-ի շրջնային նախագահ երկիրը։ News.am-ի հաղորդումներով, Հռոմի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի այս կարեւոր միջազգային կազմակերպութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնը դարձնել իր տեսանկիւնէն կարեւոր Միջերկրականի ուղղութիւնը։

Իտալիա այս տարի շրջանային նախագահ դարձած է ԵԱՀԿ-ի անդամ 57 պետութիւններու միաձայն հաւանութեամբ։ Տակաւին 2016 թուականի Յուլիսին առնուած էր այդ որոշումը։ Իտալական կողմը այդ ժամանակ իր նախագահութեան առաջնային խնդիրներու շարքին թուարկած էր Ուքրայնոյ ճգնաժամի կարգաւորումը եւ ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս սառեցեալ հակամարտութիւնները, գաղթականներու եւ փախստականներու տագնապը եւ Միջերկրականի հարաւային ափերու երկիրներու հետ համագործակցութեան ամրապնդումը։

ԵԱՀԿ-է ներս իտալական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները ներկայ տարեմուտի դրութեամբ կ՚ըլլան լիակատար քաղաքական աջակցութիւնը Ուքրայնոյ արեւելքին ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման համար։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Եւրոպայի միւս խնդրայարոյց հակամարտութիւններուն, որոնց շարքին կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Իտալական կողմը այս աշխատանքը կ՚իրականացնէ ԵԱՀԿ-ի անվտանգութեան երեք ոլորտներուն՝ ռազմական քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ բնապահպանութեան մէջ։ Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալ մարդու իրաւանց նկատմամբ յարգանքը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ 2017 թուականին Հայաստան անվերապահօրէն վերադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն՝ հակառակ անոր, որ նախապէս յառաջ կը քշէր նախապայմաններ։ Այս հանգամանքը 2017 թուականի գլխաւոր արդիւնքը նկատեց։ Իր պնդումներով՝ Հայաստանի կողմէ յառաջ քշուած նախապայմաններուն ոչ մէկը ընդունուած են Ա-տըրպէյճանի կողմէ եւ բանակցութիւնները վերսկսած՝ անվերապահօրէն։ «Կը յուսամ, թէ բանակցութիւններու միջոցաւ մենք պիտի կարենանք հասնիլ այս խնդրի կարգաւորման», ըսաւ Ալիեւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018