ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Իրանի մէջ խռովութիւնները կը շարունակուին։ Երկրի 31 նահանգներէն 29-ին մէջ արդէն տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր։ Կը հաղորդուի, որ ցարդ ցոյցերու ընթացքին զոհուած է 18 հոգի։

Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ խիստ ելոյթով մը հանդէս եկաւ առկայ իրավիճակին մէջ։ Իր խօսքերով, Իրանի ժողովուրդը անհրաժեշտ պատասխանը պիտի տայ այն փոքրամասնութեան, որ հետամուտ է թալանի։ Ռուհանի թէեւ սկիզբին աւելի հանդուրժող վերաբերմունք ունէր ցոյցերուն նկատմամբ, հետզհետէ խստացուց իր ոճը։ «Մեր ազգը պիտի զբաղի այն փոքրամասնութիւնով, որ կ՚անարգէ յեղափոխութեան արժէքներն ու նուիրականութիւնները», ըսաւ Հասան Ռուհանի։

Կը հաղորդուի, որ ցուցարարները ատեն-ատեն լոզունգներ կ՚արձակեն շահի շրջանի մենատիրութեան հաստատման համար։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, գործակալութիւնները մեծ սահմանափակումներ կ՚ունենան դէպքերու նկարահանումները կամ տեսագրութիւնները արձանագրելու ժամանակ։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Իրանի իրադարձութիւններուն։ Իր խօսքերով՝ Իրանի ժողովուրդը ազատութեան քաղցի մէջ է եւ այդ երկրի պարագային եկած է փոփոխութեան ժամանակը։Յ

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018