ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը 2017 թուականի կարեւորագոյն ձեռքբերումն է հայկական դիւանագիտութեան տեսակէտէ։ Այս համաձայնագրի ստորագրումը իսկոյն ունի նշանակութիւն եւ միեւնոյն ժամանակ օրակարգի վրայ բերած է ապագայի վերաբերեալ սպասումներ ու բազում հաւանականութիւններ։ Փաստաթուղթի ստորագրումէն ի վեր թէ՛ երկրի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ թէ հասարակական գործիչներ իրերայաջորդ ձեւով հանդէս կու գան զանազան մեկնաբանութիւններով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ զգալի է հեռանկարները բիւրեղացնելու եւ անոնց վերաբերեալ յարաբերաբար աւելի շօշափելի պատկերացում մը կազմակերպելու ձգտումը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան յայտնեց, որ ԵՄ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագիրը միտուած է կողմերու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման։ Երկրի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած լսումներուն ժամանակ ան ըսաւ. «Այս համաձայնագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական զարգացման, ժողովրդավարութեան եւ կառուցուածքային կայունութեան ամրապնդման։ Համաձայնագրով կ՚ամրապնդուին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներու վերաբերեալ քաղաքական երկխօսութեան շրջանակները, որոնք խթան եւ հիմք պիտի հանդիսանան յետագայ համաձայնագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ խորացնելու համար»։

Փոխ-վարչապետը բացատրութիւններ տուաւ նաեւ ԵՄ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագրի եւ Հայաստանի մասնակցած այլ համարկման գործընթացներու համատեղման շուրջ։ «Ես կրնամ ըսալ, որ փաստաթուղթը կը պարունակէ համատեղելիութիւն Հայաստանի բոլոր պարտաւորութիւններուն հետ եւ այդ համատեղելիութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանին հնարաւորութիւն պիտի տայ խորացնել համագործակցութիւնը թէ՛ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ թէ Եւրոմիութեան շրջանակներէն ներս», ըսաւ Վաչէ Գաբրիէլեան եւ յստակեցուց, որ Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, բնականաբար, առեւտրային չէ, սակայն տնտեսական յարաբերութիւններու բազմաթիւ կանոնակարգումներ կը պարունակէ։

Վաչէ Գաբրիէլեան ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը առաջին անգամ նման համաձայնագիր մը ստորագրած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկրի մը հետ։ Սա կարելիութիւն պիտի տայ նաեւ մերձեցնելու երկու կառոյցներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ «Հայաստան պիտի ըլլայ այն առաջամարտիկը, որ այդ ձեւաչափերը առաջին անգամ պիտի փորձէ հաստատել։ Այս առումով համաձանագիրը կարեւոր է ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու, այլ նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն՝ համագործակցութեան նոր ձեւաչափեր որոնելու, գտնելու եւ աշխոյժ իրականացնելու առումով», ըսաւ Վաչէ Գաբրիէլեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան ինքզինք կը համարէ թէ՛ Եւրոասիոյ տնտեսական տարածքի եւ թէ եւրոպական քաղաքակրթութեան մաս։ Երկիրը այս տրամաբանութիւնով կը շարժի՝ որդեգրած ըլլալով «Եւ-եւ քաղաքականութիւն»։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ ալ զրուցելու ընթացքին Վաչէ Գաբրիէլեան յայտնեց, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի համար պիտի տրամադրուի մինչեւ 176 միլիոն եւրօ ուղիղ աջակցութիւն եւ այդ գումարը պիտի օգտագործուի երկրի տնտեսութեան արդիականացման նպատակով։ Այստեղ նպատակը պիտի ըլլայ տնտեսութեան կարողութիւններու ձեւաւորումը եւ հնարաւորութիւններու ստեղծումը։ Համաձայնագրին մէջ յստակ ամրագրուած է, որ կողմերը պէտք է մշակեն եւ ամրապնդեն իրենց համագործակցութիւնը արդիւնաբերական եւ ձեռնատիրական քաղաքականութեան շուրջ՝ բարելաւելով գործարար միջավայրը։ Առանձնայատուկ շեշտադրումներ կան փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան մասին։ Ըստ այդմ՝ Հայաստան պէտք է բարելաւէ վարչական ու կարգաւորիչ օրէսնդրական դաշտը։ «Եւրոմիութիւնը այս պահու դրութեամբ Հայաստանի խոշորագոյն արտահանման շուկան է։ Մետաղներն ու ադամանդը դէպի Եւրոմիութեան շուկայ արտածուող ապրանքներու յառաջատարներն են։ Հայաստանի առեւտուրի ընդհանուր ծաւալի մօտաւորապէս 22 տոկոսը բաժին կը հասնի Եւրոմիութեան։ Եթէ նախապէս Հայաստան ըստ էութեան հումք կ՚արտածէր դէպի Եւրոմիութիւն, ապա հիմա իրավիճակը պիտի փոխուի։ Հայաստանի գործարարութիւնը արդէն կը վերակառուցուի եւ տուեալները ցոյց կու տան, որ պատրաստի ապրանքներու հաւանական շուկայի դիտարկումը ոչ միայն Եւրոասիոյ, այլ նաեւ Եւրոպական Միութիւնը», նշեց Վաչէ Գաբրիէլեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԿԱՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանն ալ վերջերս ներկայացուց ԵՄ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագրի բովանդակութեան մանրամասնութիւնները։ «Համաձայնագրին մէջ անդրադարձ կը կատարուի միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման եւ խթանման հարցերուն, համաձայնեցուած ձեւաչափերով հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ շեշտեց, որ փաստաթուղթին մէջ առանձնակի ու յստակ անդրադարձ կայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ու երկարատեւ կարգաւորման։ Իր խօսքերով՝ կարեւոր է այս համաձայնագիրը, կը վերահաստատէ Եւրոմիութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը՝ աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծման ջանքերուն ու մօտեցումներուն՝ հիմնուած միջազգային չափանիշներու եւ սկզբունքներու վրայ։

Բաց աստի, Կարէն Նազարեան յայտնեց, որ այս փաստաթուղթով կը բնորոշուին քաղաքական երկխօսութեան եւ արտաքին անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան նպատակները։ Ըստ Կարէն Նազարեանի, կողմերը կը վերահաստատեն ազատ շուկայական տնտեսութեան սկզբունքային, կայուն զարգացման, տարածքաշրջանային համագործակցութեան արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնները։ Համաձայնագրի հիմքին կը գտնուին ժողովրդավարութեան արմատաւորման կարեւոր բաղկացուցիչները. ինչպէս՝ իրաւունքի գերակայութիւն, արտադրութեան ամրապնդում, պետական հաստատութիւններու զարգացում, լաւ կառավարում։

Նոյնպէս խորհրդարանական լսումներու ընթացքին Կարէն Նազարեան ըսաւ. «Ստացած ենք յաւակնոտ համաձայնագիր մը, որու իրականացումը պիտի դառնայ ԵՄ-ի հետ մեր գործընկերութեան շրջանակը ընդլայնելու կարեւորագոյն քայլ։ ԵՄ մեր քաղաքական եւ առեւտրական գործընկերներէն մին է ու մեր յարաբերութիւններու օրացոյցը կը շարունակէ մնալ բաւական յագեցած»։

Փոխ-նախարարը «tert.am» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ շեշտեց, որ Երեւանի «Եւ-եւ»ի քաղաքականութիւնը այլեւս դարձած է իրականութիւն եւ Հայաստան կ՚որակուի՝ որպէս երկիր մը, որ կը մերձեցնէ համարկման կառոյցներ։ Իր խօսքերով՝ Եւրոմիութեան հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան սկիզբն ալ կարեւոր հարց մըն է։ Այս մասին խօսուած է համաձայնագրին մէջ եւ այս գործընթացը կ՚ենթադրէ բարեփոխումներ։ Սա միտուած է հասարակութիւնները առաւել մերձեցնելու։ «Կը յուսանք, թէ եւրոպական կողմը երկխօսութեան սկսելու լիազօրութիւն պիտի տայ համաձայն այս հարցին մէջ աւելի առաջ ստանձնած յանձնառութեան», ըսաւ Նազարեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԳԱՐԵԳԻՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեանն ալ յայտնեց, որ Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համաձայնագիրը ունի լրջագոյն ծածկոյթ առեւտրային եւ տնտեսական յարաբերութիւններու մասով։ Նոյնպէս խորհրդարանական լսումներու ընթացքին ան յայտնեց հետեւեալը. «Համաձայնագիրը առեւտուրի արտօնեալ դրութիւն մը չի սահմաներ, սակայն ոլորտային ու թեմաթիկ ծածկոյթի առումով ունի անհամեմատ աւելի մեծ եւ խոր նշանակութիւն, քան մենք ունինք ներկայիս։ Համաձայնագիրը կը խօսի ապրանքային առեւտուրի մէջ համագործակցութեան մասին, ինչ որ կը կանոնակարգէ ապրանքներու, առեւտուրի շրջանառութեան հետ առընչուող յարաբերութիւնները՝ հիմնուելով Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան սկզբունքներուն վրայ»։

Գարեգին Մելքոնեան մատնանշեց, որ ծառայութիւններու առումով կը նախատեսուի առաւել ազատականացում, ինչ որ հայկական կազմակերպութիւններուն հնարաւորութիւն պիտի տայ եւրոպական շուկայ մուտք գործելու։ Կը ծրագրուի յառաջիկայ երկու-երեք տարուան ընթացքին բանակցիլ ներդրումներու մասով փաստաթուղթին մէջ առանձին գլուխ մը ունենալու ուղղութեամբ։ Այստեղ նպատակը պիտի ըլլայ ներդրումներու փոխադարձ պաշտպանումը եւ խրախուսումը։ Փոխ-նախարարը յիշեցուց, որ համաձայնագիրը կ՚ենթադրէ համագործակցութիւն՝ փոխադրութեան, բնապահպանութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան, առողջապահութեան, ուժանիւթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ։

Իր խօսքերուն տեւողութեան Գարեգին Մելքոնեան յայտնեց, որ 2018 թուականէն սկսեալ գործարար շրջանակներուն պիտի ներկայացուին ԵՄ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագրէն բխած հնարաւորութիւնները։ Այս համաձայնութեան ի զօրու դառնալուն զուգահեռ լայնածաւալ աշխատանք պէտք է իրականացուի։ Այս խնդրին մէջ Հայաստանին կրնայ աջակցիլ Եւրոպական գործարար ընկերակցութիւնը։ Փոխ-նախարարի խօսքերով՝ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ զանազան ոլորտներէ ներս ԵՄ-ի կողմէ կուտակուած գիտելիքի եւ փորձառութեան կիրառումը երկրէն ներս։

ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ՉՍՊԱՍԵԼ

Բազմաթիւ հասարակական գործիչներ ու քաղաքական մեկանաբաններ ալ վերջին օրերուն անդրադարձան այս նիւթին։ Ընդհանուր առմամբ կը տիրէ այն կարծիքը, թէ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ Հայաստան մուտք կը գործէ ներդաշնակութեան եւ համաձայնութեան արտաքին քաղաքականութեան դաշտ։ Սոյն արտաքին քաղաքական ուղեծիրը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ՝ որպէսզի երկիրը պահպանէ ինքնուրոյնութիւնը եւ գտնէ իրեն ընձեռուած հնարաւորութիւնները։

Միեւնոյն ժամանակ, մասնագէտներ կ՚ընդգծեն, որ այս նոր համաձայնագրէն մէկ օրուան ընթացքին հրաշքներ ակնկալելը միամտութիւն է։ Նման փաստաթուղթեր Եւրոմիութեան հետ ստեղծած են նաեւ Մոլտովա, Վրաստան եւ Ուքրայնա, բայց անոնք միանգամայն չեն վերածուած Հոլանտայի կամ Զուիցերիոյ։ Այսինքն, սա շրջանակային փաստաթուղթ մըն է, որ ունի չափանիշային դաշտ մը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՔՈԹ

Իր կարգին Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթն ալ յայտնեց, որ ԵՄ-ի հետ համաձայնագրին շնորհիւ Հայաստան կրնայ շատ կարեւոր օղակ մը դառնալ տարածքաշրջանէն ներս։ «Ռուսաստան ներկայ է Հայաստանի ընդհանուր համայնապատկերին վրայ, սա ակնյայտ է, բոլորը գիտեն։ Բայց մենք ալ, ու ոչ միայն մենք, նաեւ եւրոպական այլ երկիրները, նոյնպէս կ՚ուզենք մեր մասնակցութեան բաժինը տեսնել Հայաստանի տնտեսական այս համատեսքին մէջ», ըսաւ ֆրանսացի նորանշանակ դեսպանը՝ Երեւանի մէջ կազմակերպած իր անդրանիկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Հարցումի մը պատասխանելով, ան ընդգծեց, որ ֆրանսացի ձեռներէցները շատ հետաքրքրուած են նաեւ Իրանի շուկայի հեռանկարներով։

ՕԴԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուեցաւ նաեւ օդագնացութեան ընդհանուր գօտի մը ստեղծելու վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ Այս փաստաթուղթն ալ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր վարչութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ԵՄ-ի հետ ընդհանուր օդագնացութեան գօտիի վերաբերեալ համաձայնագիրը կանխատեսելի միջավայր մը պիտի ստեղծէ եւրոպական օդային ընկերութիւններուն տեսակէտէ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 17-րդ նստաշրջանը։ Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Սաճիտ Քայիմ, որ սոյն յանձնաժողովի համանախագահն է։ Հայկական կողմէն սոյն յանձնաժողովի նախագահն է Արմէն Աշոտեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սաճիտ Քայիմ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը պատմական հանգրուան մը կը բնորոշէ կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ։ Յանձնաժողովի աշխատանքները այս տարի տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ։ Նստաշրջանի օրերուն եւրոպացի հիւրերը ընդունուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան եւս ելոյթ մը ունեցաւ սոյն յանձնաժողովի նստաշրջանի ծիրէն ներս։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի իշխանութիւններու յանձնառութիւնը՝ շարունակել երկրէն ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումները։ Կարէն Նազարեան այս առումով կարեւորեց Եւրոխորհրդարանի եւ անոր անդամներու շարունակական աջակցութիւնը այս գործընթացին մէջ։ Տարածքաշրջանային կայունութեան պահպանման տեսակէտէ փոխ-նախարարը բարձր գնահատեց, որ Եւրոմիութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ յայտնած է աջակցութիւն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Յանձնաժողովի նստաշրջանին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ կարեւոր հարցեր, որոնց շարքին էին նոր ստորագրուած փաստաթուղթի ազդեցութիւնը քաղաքական ու տնտեսական բարեփոխումներու գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ այլ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան նոր շրջանակը, ժողովրդավարութիւնն ու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Հայաստանի մէջ։

Յանձնաժողովի նստաշրջանի աւարտին հրապարակուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որով վերահաստատուեցաւ ԵՄ-ի յստակ դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, այս յանձնաժողովի նստաշրջանէն անմիջապէս վերջ, Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս մասնաւոր խորհրդակցութիւն մը կազմակերպուեցաւ՝ Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համաձայնագրի իրականացման վերաբերեալ հարցերու քննարկման նպատակով։

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018