ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

Այսօրուան «Աքշամ» օրաթերթին մէջ հարցազրոյց մը լոյս տեսած է Ամեն.  Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր հետ։ Մօտալուտ գահակալութեան ընդառաջ իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները թերթի այսօրուան համարի ճակատին վրայ տեղ գտած են։ Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալած է «Աքշամ»ի լրահաւաքի տնօրէն Էօզքան Թամիրաքը եւ թղթակիցներէն Պիւլենտ Շանլըքանը։

Թերթը կը գրէ, որ Մութաֆեան Պատրիարքի վախճանումէն վերջ ընտրուած նորընտիր պատրիարքը յառաջիկայ 11 յունուարին գահ պիտի բարձրանայ։ Այդ արարողութեան ընդառաջ Ընտրեալ-պատրիարքը հարցազրոյց մը տուած է «Աքշամ»ին։ Ըստ թերթին, գահակալութեան արարողութիւնը պիտի ունենայ միջազգային բնոյթ։ Արդարեւ, Վատիկանէն եւ այլ երկիրներէ հրաւիրեալներ պիտի մասնակցին արարողութեան։ Նորընտիր պատրիարքը յայտնած է, որ հայ համայնքը հանգստացած է պատրիարքական ընտրութեամբ։ Վերջ գտած է այսպէսով տասներկու տարուան խցանումը։

«Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւնները համամիտ են, թէ մենք մեր ամենահանգիստ շրջանը կ՚ապրինք ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն։ Մասնաւորապէս 2008-ին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը շատ կարեւոր էր մեզի համար։ Մենք մնացած ենք 2 հազար յոյն, 50 հազար հայ, 10 հազար հրեայ եւ 8 հազար ասորի։ Մենք երկրի ընդհանուր բնակչութեան մէկ հազարերորդը կը կազմենք, սակայն փոքր ըլլալ չի նշանակեր անարժէք ըլլալ։ Փոքրամասնութիւններու խնդիրը Օսմանեան շրջանէն ի վեր Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար օգտագործուած նիւթ մը դարձած է։ Մենք չենք փափաքիր, որ այս հարցին պատճառաւ Թուրքիա համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ վնաս կրէ։ Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք, այս երկրին դէմ գալիք որեւէ խօսք մեզ ալ կը վիրաւորէ։ Գոհ ենք պետութեան հետաքրքրութենէն։ Մեր Հանրապետութեան նախագահը հանգիստ հասանելի է մեզի համար։ Նախարարներ յաճախ կը փու-թան մեր այցելութեան, մեր կուսակալը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ», յայտնած է ան։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Ընտրեալ-պատրիարքը պնդած է, որ հայոց սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է։ Ան ըսած է հետեւեալը.

«Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի։ 1915-ի եւ յաջորդող յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցած են։ Անոնք ալ նայած են, որ այս խնդիրը առնուազն կ՚ապահովէ միութիւն մը եւ ստեղծած են ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն մը։ Ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտութիւն մը ստեղծուած է։ Չեն ուզեր այդ բանը կորսնցնել։ Իսկ մենք այդ դէպքերէն վերջ մնացինք այս հողերուն մէջ։ Մենք ընտրեցինք միւս տարրերուն հետ ապրիլ միասին։ Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է։ Մեր բնակչութիւնը 50-60 հազար է։ Բնակչութեան նուազումը ունի երկու պատճառ, որոնցմէ մին կախում ունի մեզմէ։ Սա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է։ 1.2 տոկոս ծնելիութիւն ունինք, իսկ 2.6 տոկոս մահ։ Չենք բազմանար։ Կան ոմանք, որոնք յոյս դրած են արտասահմանի վրայ, առիթը գտնելով մեկնողներ կան։ Համալսարանական մեր երիտասարդները խառն ամուսնութիւններ կ՚ընեն։ Սա ալ պակսելու պատճառ մըն է։ Մարդիկ կը սահին դէպի ընդհանրացած մշակոյթը։ Ես Պայրամփաշայի մէջ մեծցայ եւ թաղի միակ հայ ընտանիքը մենք էինք։ Կ՚ապրէինք առանց կրօնի խնդրի։ Այսինքն ժողովուրդները իրարու հետ հարց չունին։ Մենք մեծցանք օրը հինգ անգամ էզան լսելով»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Ընտրեալ-պատրիարքը յայտնած է նաեւ հետեւեալը. «Մեր իսլամի ընկալման եւ սփիւռքի ընկալման միջեւ տարբերութիւն կայ։ Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է։ 24 ապրիլին կը յիշեն եւ կը մոռնան մինչեւ յաջորդ 24 ապրիլը»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը ամփոփ տեղեկութիւններ ալ տուած է Պատրիարքարանի պատմութեան մասին՝ շեշտելով, որ 1461 թուականին ան հիմնուած է Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի կողմէ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ընտրեալ-պատրիարքը անդրադարձած է նաեւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ վերջերս տրուած կարեւոր խոստումի մը։ Թերթը այս բաժինը մատուցած է՝ գրելով, որ 90 տարուան խնդիր մը վերջ պիտի գտնէ։ Այդ բաժնին մէջ Ընտրեալ-պատրիարքը ըսած է հետեւեալը. «Պատրիարքը եւ համայնքը իրաւաբանական անձ չեն։ Այս նիւթին շուրջ նոյնիսկ օրէնսդրութիւն մը գոյութիւն չունի։ Առանձին եկեղեցիներ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ենթակայութեամբ իրաւաբանական անձեր են եւ մինչեւ 1960 թուականը Ազգային կեդրոնական վարչութիւն մը ունէինք։ Պետական հարուածով այդ ալ լուծարուեցաւ։ 33-ը Իսթանպուլի եւ 5-ը Անատոլուի մէջ ունինք 38 եկեղեցի։ Իւրաքանչիւրը ինքնագլուխ կը վարուի եւ մենք չունինք զանոնք ի մի բերելիք համակարգ մը։ Մեր Ներքին գործոց նախարարը՝ Սիւլէյման Սոյլու այս նիւթին շուրջ շատ մօտիկ վերաբերմունք ցոյց տուաւ մեզի։ Իրաւական պարապութիւնը լրացնելու ուղղեալ քոնսենսիւս մը ապահովեցէք, աւելի վերջ այս բոլորին մասին խօսինք, վիճաբանինք եւ ամենայարմար ձեւով ձեւաւորենք. մեզի յայտնեց նախարարը։ Սա եթէ լուծուի, մեր մեծագոյն խնդիրներէն մին վերջ գտած պիտի ըլլայ»։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020