ՈՉ ԵՒՍ Է ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԸՐՄԱՔԷՇ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ազգային-հասարակական գործիչ Նազարէթ Սըրմաքէշ։ Սա 2020 թուականի տարեմուտի տխուր լուրն է, որովհետեւ Նազարէթ Սըրմաքէշ՝ մասնաւորապէս եւրոպահայութեան խորհրդանշական անուններէն մին էր եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս իր ունեցած ներդրումը, իր կողմէ ցուցաբերուած եռանդը բարձր գնահատանքի արժանացած էր բոլորին կողմէ։

Նազարէթ Սըրմաքէշ նախկին պոլսահայ մըն էր։ Մեր համայնքէն ներս աշխոյժ աշխատանք տանելէ վերջ, երկար տասնամեակներ առաջ հաստատուած էր Զուիցերիա։ Ժընեւի մէջ կերտած էր նոր կեանք մը՝ աշխատելով որպէս արհեստաւոր ոսկերչութեան բնագաւառէն ներս։ Զուիցերահայութեան կեանքին բերած էր անանտեսելի նպաստ մը։ Իր փորձառութեամբ եւ հեռատեսութեամբ դարձած էր յարգանքի արժանի համայնքային գործիչ մը։ Միշտ կ՚աջակցէր նաեւ Ժընեւի Ս. Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ կը ստանձնէր վարչական պատասխանատուութիւններ։ Ատեն-ատեն կ՚աշխատակցէր նաեւ սփիւռքահայ մամուլին։

Գործարար կեանքէ ներս արձանագրած յաջողութեան եւ ազգային կեանքէ ներս վայելած համբաւին զուգահեռ՝ ընտանիքի տիպար հայր մըն էր։ Ամուսնացած էր Սօնա Քիւրտեանի հետ։ Բախտաւորուած էին երկու զաւակով։ Նազարէթ Սըրմաքէշ հայրն էր «Ֆրանք-Միւլլէր» ժամացոյցներու արտադրութեան աշխարհահռչակ ընկերութեան սեփականատէր Վարդան Սըրմաքէշի, որ միեւնոյն ժամանակ ազգային յայտնի բարերար մըն է։ Խնամին էր նոյնպէս յայտնի ազգային բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեանի։ Իր կորուստով հայ իրականութենէն հրաժեշտ կ՚առնէ խորհրդանշական կերպար մը, որ կը բնորոշէր սփիւռքեան տուեալ ժամանակաշրջանի մը դիմագիծը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Նազարէթ Սըրմաքէշի հոգւոյն։ Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները իր այրիին՝ Սօնա Սըրմաքէշին, Վարդան-Անի Սըրմաքէշ ամոլին եւ զաւակներուն, դստեր՝ Աղաւնի Սըրմաքէշին եւ զաւակներուն, Յովհաննէս Չիլինկիրեանին, Գրիգոր եւ Անի Քիւրտեան ամոլին, Յակոբ եւ Շամիրամ Աւագեան ամոլին եւ զաւակներուն ու համայն ընտանեկան պարագաներուն։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020