ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՒՑԵՑ ԻՐ ՌՈՒՍ, ՎՐԱՑԻ ԵՒ ՅՈՅՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Լաւրով անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։ Այս առընչութեամբ անոնք գոհունակութեամբ ընդգծեցին երկու երկիրներու դաշնակցային համագործակցութեան բարձր թափը՝ կարեւորելով Նոր տարիին եւս այդ մէկուն յառաջ մղուիլը։ Այվազեան եւ Լաւրով, որոնք քանի մը օր առաջ եւս զրուցած էին հեռաձայնի վրայ, կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն շուրջ։ Նախարարները կանգ առին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի պահպանման եւ Արցախի իրավիճակի կայունացման ուղղեալ քայլերուն վրայ։

Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հեռախօսազրոյցին ժամանակ եւս կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Անոնք կանգ առին երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային օրակարգի զանազան հարցերուն վրայ։ Այվազեան շնորհաւորեց Զալքալիանիի վերանշանակումը։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ դարաւոր բարեկամութեան եւ բարիդրացիական աւանդութիւններու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու պատրաստակամութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ զանազան մակարդակներու վրայ շփումներու եւ երկխօսութեան աշխուժացումը։

Այվազեան Տենտիասի հետ զրուցելու ընթացքին ալ կարծիքներ փոխանակեց տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Նախարարը բարձր գնահատեց Յունաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը Արցախի ենթարկուած ռազմական բռնութեան կապակցութեամբ եւ Արցախի ժողովուրդի ի նպաստ ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութիւնը։ Արա Այվազեան եւ Նիքոս Տենտիաս քըն-նարկեցին երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցեր։ Երկուստեք վերահաստատուեցաւ պատրաստակամութիւնը ջանքեր գործադրելու համար Երեւանի եւ Աթէնքի միջեւ, նաեւ բազմակողմանի հարթութիւններու վրայ հաստատուած համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021