ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴԱՏԱՒՈՐ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արմէն Աբազեան եւ Ատրպէյճանի Անվտանգութեան պետական ծառայութեան տնօրէն Ալի Նաղըեւ վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցան՝ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցութեան ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովի նախաձեռնութեամբ։ Եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան՝ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ ի յայտ եկած շարք մը հրատապ հարցեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գերիներու փոխանակման եւ կորսուածներու որոնման աշխատանքներուն։ Տեսակցութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ զանազան ուղղութիւններով աշխատանքներու իրականացման համար։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու համար՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ չլուծուած քաղաքական հարցերու քննարկման նպատակով։ Ըստ Լաւրովի, այդպիսի հանդիպում մը տեղի կրնայ ունենալ ինչպէս ազգային մակարդակի վրայ, այնպէս ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Սա կրնայ ըլլալ, երբ կողմերը պատրաստ ըլլան։ Ռուս նախարարը շեշտեց, որ այժմ օրակարգի վրայ է հրադադարի որեւէ խախտման թոյլ չտալը, պայթիւնավտանգ առարկաներու դաշտի վրայ մաքրագործումը, ռազմագերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակումը, փախստականներու կամ ներքին տեղահանեալներու անվտանգ վերադարձի ապահովումը, մարդասիրական սուր հարցերու լուծումը, պատմական յուշարձաններու պահպանումը՝ անկախ անոնց կրօնական պատկանելիութենէն, փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը։

«Այս բոլոր ուղղութիւններով կան որոշ դրական բաներ, բայց կը յառաջանան նաեւ խնդիրներ, որոնք անխուսափելի են՝ հաշուի առնելով իրավիճակի արտառոց բնոյթը», ըսաւ Լաւրով։

Մոսկուայի եռակողմանի այս հանդիպումը արձագանգ ստեղծած է նաեւ արեւմտեան լրատուամիջոցներուն մօտ։ Մասնաւորապէս անգլիական եւ ֆրանսական զանազան աղբիւրներ կը դիտարկեն, որ Մոսկուա սկսած է արդիւնաւէտ պատնէշ մը կառուցել՝ ի օգուտ իրեն փոխելով տարածքաշրջանէ ներս ուժերու հաւասարակշռութիւնները։ Այսպէս, Ռուսաստան Հարաւային Կովկասի մէջ քայլ մը առաջ անցած է թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ թէ յատկապէս Եւրոպայէն՝ Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կովկասի միջեւ բոլոր տեսակի իրավիճակներու եւ ռազմավարութիւններու վերլուծութեան եւ կանխատեսման առումով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Չեչենիայի պատերազմէն յետոյ Մոսկուա դառն փորձառութիւն ունեցած է՝ դիմագրաւելով երկար յարձակումներ եւ ահաբեկչութիւններ, իսկ այժմ Հարաւային Կովկասէ ներս ռուսական կողմը կը գիտակցի, որ զերոյական վտանգ գոյութիւն չունի։ Ուստի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հակահետախուզական ծառայութիւններու հետ յարաբերութիւններու ձեւաչափին մէջ, Ռուսաստան կը ստեղծէ «ապահակամարտութեան» դրութիւն մը՝ հակամարտ կողմերու միջեւ բախումներէ խուսափելու համար։ Այսպէսով ան կ՚ամրապնդուի տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր ժամանակին զինքը մէկ կողմ կը մղէին կամ նոյնիսկ կը փորձէին ընդհանրապէս դուրս մղել։ Այժմ Մոսկուա կը դառնայ առանցքային դերակատարներէն մին եւ իսկական «համաշխարհային դատաւոր» մը, որուն այժմ կը դիմեն տարածքաշրջանի բոլոր հիմնական խաղացողները։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021