ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տարեմուտի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Կ՚աւարտի 2020 թուականը, որ ծանրագոյնն էր մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ։ Ծանր՝ իր կորուստներով, ծանր՝ իր հետեւանքներով, ծանր՝ իր դասերով։ Մենք անցանք դաժան փորձութիւններու ընդմէջէն։ Կը փափաքիմ անգամ մը եւս շեշտել՝ մեր ժողովուրդը չէ պարտուած, զինուորը չէ պարտուած, քաղաքացին չէ պարտուած, հայը չէ պարտուած։ Պատերազմի ընթացքին մեր ժողովուրդի զաւակները ցուցաբերեցին աննկարագրելի մարտական ոգի, բացառիկ հերոսութիւն, խիզախութիւն եւ տոկունութիւն։ Պատերազմի արդիւնքը եւ այսօրուայ իրավիճակը պետական կառավարման զանազան ոլորտներու մէջ անկազմակերպութեան, անպատասխանատուութեան եւ ոչ-արհեստավարժութեան հետեւանքն է։ Այս էջը պէտք է փակել։ Կրկին կը խոնարհիմ մեր նահատակուած հերոսներու յիշատակին առջեւ։ Ապաքինում կը մաղթեմ մեր վիրաւոր զինուորներուն։ Անոնք մեր ամենօրեայ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կարիքն ունին։ Երախտիքս կը յայտնեմ զինուորներու թիկունքը ամուր պահած մեր բոլոր հայրենակիցներուն։ Պետութիւնը, կառավարութիւնը պարտաւոր են ամէն ինչ ընել՝ կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու, բոլոր գերիներն ու պատանդները արագ տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Պետութիւնը, կառավարութիւնը պարտաւոր են ապահովել երկրի սահմաններու եւ յատկապէս սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներու պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը։

Մեր ապագայ ճանապարհը շատ բարդ է ու փորձութիւններով լի։ Մենք անչափ խոր վէրքեր ունինք։ Բայց ունինք նաեւ ապաքինուելու, ոտքի կանգնելու, յաղթելու փորձ ու կամք։ Միասնականութիւնը այլընտրանք չունի։ Մեր զոհուած հերոսներու յիշատակը կը պարտաւորեցնէ համայն հայութիւնը՝ համախմբուիլ հայրենիքի շուրջ եւ համախմբել մեր ուժերը։ Ներկայ իրավիճակը յաղթահարելու համար պէտք է ունենալ յստակ տեսլական, ռազմավարութիւն եւ իրատես ծրագիր։ Որեւէ խօսք, խոստում կամ կոչ ի զուր է, եթէ իւրաքանչիւրս մեր տեղը չենք, չենք գործեր մեր ամբողջ պատասխանատուութեամբ։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Երեսուն տարի առաջ պետութիւնը վերականգնել մեզի համար երազանք էր։ Յաջորդ տարի պիտի նշենք Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը։ Սա պէտք է կարողանանք ընել արժանապատուօրէն ու մեր գլուխները բարձր։ Ամուր պահենք մեր ինքնիշխանութիւնը, պետականութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր արժէքները։ Առաջին հերթին մենք պէտք է մեր տունը կարգի բերենք։ Մեր ապագան՝ մեր ձեռքերուն մէջ է։ Այսուհետեւ իրաւունք չունինք ապրելու իրականութիւններէն կտրուած, ընկերային ցանցերու, վերացական, անիրական կեանքի մէջ։ Այսօր անհրաժեշտ է՝ մեր բոլոր ջանքերը նպատակաուղղել իրական խնդիրներու լուծման, փոխել մտածելակերպը, նորովի ձեւաւորել մեր ազգային ու պետական հայեցակարգը, վերարժեւորել մենք մեզ եւ մեր ունեցածը, վերակառուցել պետական կառավարումը, տնտեսութիւնը, բանակը, դիւանագիտութիւնը եւ, ի հարկէ, կրթութիւնը, գիտութիւնը։ Եւ այս ամէնը՝ յանուն ուժեղ եւ անվտանգ Հայաստան ունենալու, յանուն Արցախի, յանուն հայրենիքի նկատմամբ սփիւռքի հաւատի ու վստահութեան ամրապնդման։

Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ունեցած է փառահեղ յաղթանակներ ու ցաւալի պարտութիւններ։ Մեր գոյութիւնը ինքնին յաղթանակի ապացոյց է եւ յաղթանակի պատմութիւն։ Ու ես վստահ եմ՝ հայերը, Հայաստանը դեռ կը տօնեն նոր յաղթանակներ։ Թող 2021 թուականը համախմբէ մեզ եւ ամուր պահէ մեր համերաշխութիւնը, յոյսը, հաւատը եւ սէրը։ Խաղաղութիւն ու բարեկեցութիւն Հայաստանին, Արցախին, սփիւռքին ու մեր ամբողջ ժողովուրդին։ Աստուած պահապան բոլորիս։

Շնորհաւոր Ամանոր։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021