ՊԷՏՔ Է ԻՆՉ-ՈՐ ԼՈՅՍ ՏԵՍՆԵԼ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻ

Իմ գիտակից ամբողջ տարիքին, վաղ մանկութենէն սկսեալ, այս օրերուն տեսակ մը ոգեւորութիւն կը զգայի՝ շուտով Նոր տարի է, կ՚ըլլան նուէրներ, կը հանդիպիմ ընկերներուս, բարեկամներուս, դպրոց (համալսարան, աշխատանք) չ՚ըլլար, հանգիստ կը տրուիմ գիրքերուն։ Այդպէս էր ամէն տարի։ Այդպէս կը դիմաւորէի նաեւ  2020 թուականը։ Առաջին անգամ է, որ իմ սիրտին մէջ չկայ ոգեւորութեան եւ ուրախութեան որեւէ նշոյլ։ Կայ դառնութիւն, հիասթափութիւն եւ զայրոյթ։

Չեմ գիտեր, կը բաժնե՞ն, արդեօք, իմ սերնդակիցները այս զգացումը, բայց 2020 թուականի նոյեմբերի 10-էն յետոյ ինծի կը թուի, թէ իմ կեանքի վերջին երեսուն տարին ի զուր ապրած եմ։ Այն ինչին ես կը հաւատայի, տապալեցաւ, փլուզուեցաւ, փոշի դարձաւ։ Ինձ կը թուի՝ Արցախը եւ հայկական պետութիւնը ազատ անկման մէջ են։ Եւ ես առայժմ չեմ տեսներ, թէ ինչպէս հնարաւոր է այդ անկումը կանգնեցնել։ Կը հասկնամ, որ իմ զգացումները շատերը չեն բաժներ՝ մանաւանդ երիտասարդները։ Անոնց համար աւելի էական է «Սերժը մերժելը», իսկ յեղափոխական ճղճղան ճառերը եւ սին խոստումները առայժմ կը հնչեն անոնց ականջներուն եւ անոնք տակաւին կ՚առաջնորդուին այդ՝ վաղուց արդէն ինքզինքը սպառած օրակարգով։ Եթէ անոնք կը շարունակեն հրճուիլ յեղափոխութեան «նուաճումներով» եւ ցաւ չեն ապրիր Արցախի եւ հայկական պետութեան կորուստէն, ուրեմն՝ թող ուրախութեամբ նշեն Նոր տարին։ Հաճելի ժամանց։

Իսկ ես, անկեղծ խօսքով, չեմ կարողանար իմ մէջ յաղթահարել դառնութիւնը, չարութիւնը։ Ես դառնացած եմ մեր պետութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։ Բայց ինձ կը զայրացնէ նաեւ այն, որ պաշտօնական քարոզչութիւնը սա պարտութիւն չի համարեր։ Կը զայրացնէ, որ այդ խայտառակութեան գլխաւոր մեղաւորը՝ երկրի վարչապետը ո՛չ միայն չէ հեռացած իր պաշտօնէն եւ քաղաքականութենէն, այլեւ՝ կը շարունակէ գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ խրոխտ ճառեր արտասանել, մեղքը գցել «հիներուն» վրայ եւ դարձեալ խոստանալ «պայծառ ապագայ»։

Ինձ կը զայրացնէ եւ կ՚ապշեցնէ, որ կան հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը հաւատան ու չեն հասկնար պատահած աղէտի ծաւալները։ Ես խորապէս վիրաւորուած եմ, որ Հայաստանը կը շարունակէ ղեկավարել խումբ մը, որ պետութիւն ղեկավարելու որեւէ որակ չունի՝ անկախ այն հանգամանքէն, որ Փութինի եւ Ալիեւի համար Հայաստանի ներկայ վարչապետը առայժմ ձեռնտու է։ Բայց չարութիւնն ու զայրոյթը լաւ զգացումներ չեն։ Պէտք է ինչ-որ լոյս տեսնել գոնէ հեռաւոր ապագային՝ այն ապագային, որ իմ սերունդը դժուար թէ տեսնէ։ Գուցէ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի արձակուրդը օգնէ մեզի այդ լոյսը տեսնելու։

(Յապաւուած)

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021