ՋԱՒԱԽՔԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ՑԱՒԱԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ամանորի գիշերը Ջաւախքէ ներս պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ «www.tert.am»ի հաղորդումներով, Ամանորի գիշերը Ախալքալաքի մէջ 33 տարեկան հայ երիտասարդ մը սպաննուեցաւ։ Շրջանի բնակիչներէն մին յիշեալ աղբիւրին տեղեկացուց, որ տեղի ունեցած է բանավէճ մը, որուն յաջորդած է կրակոց մը։ 33 տարեկան հայ երիտասարդը դէպքին ժամանակ նախ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուած է, սակայն կարելի չէ եղած փրկել իր կեանքը։

Ըստ նոյն վկայութեան, ենթադրաբար, բանավէճի պատճառը եղած է վաղեմութիւն ունեցող հարց մը։ Վրաստանի  իրաւապահ մարմինները հարցաքննութեան ձեռնարկած են այդ դէպքին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021