ՏԱՐԵՍԿԻԶԲԻ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

2021 թուականի սկիզբի դրութեամբ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան բնական կազի փոխադրութեան բնագաւառէն ներս։ Երէկ, Անդրադրիական (TAP) կազամուղ խողովակաշարի օգտագործումը սկսաւ պաշտօնապէս։ Այս խողովակաշարով Ատրպէյճանի բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։ Պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ Ատրպէյճան յաջողած է իր բնական կազը արտահանել դէպի եւրոպական շուկայ կազամուղի մը միջոցաւ։ TAP կազամուղի միջոցաւ Ատրպէյճանի Շահտենիզ հանքավայրի կազը կը հասնի Եւրոպա՝ մասնաւորապէս Իտալիոյ շարք մը բնակավայրերը։ Այս կազամուղը շարունակութիւնն է Անդրանատոլեան (TANAP) կազատարի, որ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով հասած է Յունաստանի սահմանը։ Իսկ այս նոր կազատարը՝ TAP-ը Յունաստանի հիւսիսով, Ալպանիայով, Ադրիական ծովու յատակով հասած է Իտալիա։ Այդ ամբողջ ուղին՝ Ատրպէյճանէ Իտալիա, կը կոչուի Հարաւային Միջանցք։ TAP-ի բաժնետէրերու շարքին կը գտնուին Ատրպէյճանի նաւթի պետական ընկերութիւնը՝ SOCAR եւ անգլիական BP-ն։

Բաց աստի, երէկուան դրութեամբ շահագործման յանձնուեցաւ նաեւ ուրիշ բնական կազի խողովակաշար մը, որ կը կոչուի «Թրքական հոսք»։ Այս նոր խողովակաշարի տակաւին միայն մէկ հատուածը սկսած է օգտագործուիլ եւ այսպէսով Ռուսաստանի բնական կազը կ՚առաքուի դէպի Եւրոպա։ Երէկ առաւօտեան դրութեամբ Սերպիոյ մէջ շահագործման յանձնուեցաւ «Թրքական հոսք» կազատարի մէկ հատուածը, որով ռուսական բնական կազը այլընտրանքային ուղղութիւնով մը կը հասնի Եւրոպա։ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ այս առթիւ յայտնեց, որ կազատարի նոր հատուածը մեծ նշանակութիւն ունի իր երկրի տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան յառաջընթացին տեսակէտէ։

Անցեալ տարեվերջին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսը հաւանութիւն տուած էր «Թրքական հոսք»ի կառուցման մասնակիցներուն դէմ պատժամիջոցներու օգտագործման թղթածրարին։ Ուաշինկթընի մէջ կը պնդեն, որ այս նախագիծը սպառնալիք մըն է Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ եւ Ռուսաստանի կողմէ այդ մէկը կ՚օգտագործուի՝ որպէս քաղաքական ճնշման լծակ։ Ռուսաստան կը հակադարձէ՝ հաւաստիացնելով, որ Ուքրայնան շրջանցող այս կազամուղը տնտեսական բնոյթով նախագիծ մըն է եւ քաղաքական նպատակներ չի հետապնդեր։

«Թրքական հոսք»ը սկիզբ կ՚առնէ Ռուսաստանի Քրասնոտարի երկրամասի Անապա քաղաքի ափերէն, ապա անցնելով Սեւ ծովու յատակով, Թուրքիոյ ափը դուրս կու գայ Քըյըքէօյէն։ Հատելով Թուրքիոյ ամբողջ եւրոպական հատուածը՝ խողովակաշարը դուրս կու գայ Յունաստանի սահմանակից Իփսալա քաղաքը՝ Ռուսական կազը տանելով դէպի Հարաւ-արեւմտեան Եւրոպա։ «Կազփրոմ»ի կառավարման կոմիտէի նախագահ Ալեքսէյ Միլլեր այս առթիւ յայտնեց, որ «Թրքական հոսք»ը պահանջուած կը համարուի Եւրոպայի սպառողներու շրջանակներէն ներս։ Այս խողովակաշարին միջոցաւ Ռուսաստանէն կազ կը ստանան եւրոպական վեց երկիրներ, որոնք են՝ Պուլկարիա, Յունաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Ռումանիա, Սերպիա, Պոսնա-Հերսէք։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021