ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ

Կարսի մէջ երէկ սկսան «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները։ Հայաստանի սահմանին վրայ մինչեւ փետրուարի 12-ը պիտի շարունակուին այս ռազմափորձերը, որոնք կ՚իրականացուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ մասնակցութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ կ՚ընթանան սոյն ռազմափորձերը, որոնք սկսած են Աղտամի մէջ՝ Թուրքիա-Ռուսաստան հրադադարի դիտարկման համատեղ զինուորական կեդրոնի բացումէն անմիջապէս վերջ։ Մոսկուան ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի զօրավարժութիւններուն։ Ռուսական մամուլի որոշ հրապարակումներուն մէջ կը մատնանշուի, որ Հայաստանի սահմաններուն մօտ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմական աշխուժութիւնը շատ տագնապեցուցիչ գործօն մըն է։

Երէկ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար տեսակցեցաւ Աղտամի համատեղ դիտարկման կեդրոնէն ներս պաշտօնի կոչուած թուրք համահրամանատարին հետ։ Նախարար Աքար Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան վերնախաւին եւ փոխ-նախարարներուն հետ իրականացուց իր շաբաթական հերթական տեսակցութիւնը այն հրամանատարներուն հետ, որոնք երկրէն ներս կամ արտասահմանի զօրամիաւորումները կը գլխաւորեն։ Այս ժողովին ներառնուեցաւ նաեւ Աղտամի նորաստեղծ կեդրոնի թուրք հրամանատարը։ Հուլուսի Աքար այս առթիւ յոյս յայտնեց, թէ նորաստեղծ կեդրոնի նպաստով հրադադարը կ՚ըլլայ մշտական, կայունութիւնը կը վերահաստատուի եւ տարածքաշրջանէ ներս կը գերիշխեն խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։ Աքարի խօսքով՝ նախագահ Էրտողան այս բոլորը քանիցս ընդգծած է։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ալ բաժնուած են այս մօտեցումները։ «Այս շրջանակին մէջ մեր մաղթանքն է, որ խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը տիրեն տարածքաշրջանէ ներս», ըսաւ Աքար։

Մինչ այդ, երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։ Քննարկուեցան վերջերս տեղի ունեցած երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ուղղութիւններով սպայակոյտային բանակցութիւններու արդիւնքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու լուծման ընթացքին։ Վաղարշակ Յարութիւնեան գոհունակութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան կապակցութեամբ։ Ան յատուկ շեշտեց, որ անոր արդիւնաւէտութեան լաւագոյն վկայութիւնն է հրադադարի գրեթէ լիարժէք պահպանումը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021