ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ ախտաճանաչուած քորոնաժահրէն վերջ իրեն համար կատարուած դարմանումը տուած է դրական արդիւնք։ Նախկին նախագահի գրասենեակը երէկ տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին քննութեան արդիւնքը եղած է բացասական։

Ներկայիս Սերժ Սարգսեան որեւէ գանգատ չունի, ինքնազգացողութիւնը լաւ է եւ երէկուան դրութեամբ անցած է լիարժէք աշխատանքային դրութեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021