ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Իս­թան­պու­լի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նէն ներս մաս­նակ­ցե­ցաւ կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին։ Այս հա­ւա­քոյ­թը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

«Տէր­սաա­տէ­թեան հան­դի­պում­ներ»ու շրջագ­ծով Իս­թան­պու­լի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռիթն ու­նե­ցան ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­լու կու­սա­կա­լին հետ։ Բա­ցի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նէն, այս հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րուած էին Յու­նաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քը, Իս­թան­պու­լի միւֆ­թի Փրոֆ. Ռահ­մի Եա­րան, Հրէից Րա­բու­նա­պետ Ռաւ Իս­հաք Հա­լե­ւա, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փա­ռաց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մետ­րա­պո­լիտ Եու­սուֆ Չե­թին, Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Քո­րե­պիս­կո­պոս Եու­սուֆ Սաղ եւ Քաղ­դէա­ցի հա­մայն­քի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ֆրան­սուա Եա­քան։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Վա­սիփ Շա­հին գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց նման հան­դիպ­ման մը ի­րա­կա­նաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան ընդգ­ծեց, որ Իս­թան­պուլ աշ­խար­հի այն հնա­գոյն քա­ղաք­նե­րէն մին է, ուր վա­ղուց տար­բեր կրօն­ներ կը գտնուին կողք կող­քի։ Հան­դուր­ժո­ղու­թիւնն ու եղ­բայ­րու­թիւ­նը կը գե­րիշ­խեն քա­ղա­քէն ներս, ուր խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան մը մէջ են բո­լոր կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան կու­սա­կալ Շա­հին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց Իս­թան­պու­լի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն շուրջ եւ յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նէն ներս ա­ռա­ջին ան­գամ սար­քուե­ցաւ նման ձե­ւա­չա­փով ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, քա­ղա­քա­կան նիւ­թե­րէ կամ հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րէ դուրս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ըն­ծա­յուե­ցաւ կրօ­նա­կան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րու։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տին մէջ սե­ղա­նա­կից­նե­րը միաս­տուա­ծեան ե­րեք կրօն­նե­րու հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար­նե­րուն վրայ կեդ­րո­նա­ցան։

Կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին ար­ձակ­ման հանգ­րուա­նին, բո­լոր հրա­ւի­րեալ­նե­րու շար­քին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը եւս ող­ջու­նեց՝ բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցե­լով մեր հա­մայն­քին հա­մար։

Հարկ է նշել, որ «Տէր­սաա­տէ­թեան հան­դի­պում­ներ»ու ծի­րէն ներս Վա­սիփ Շա­հին նա­խա­պէս ալ մէկ­տե­ղուած էր Իս­թան­պու­լի թան­գա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու, ա­ճուր­դի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու,  «Դա­սավ­վուֆ»ի մաս­նա­գէտ­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016