ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԿԱՊԵՐ

Եւ­րո­միու­թեան ա­րտա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կո­ղմէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ ըն­դու­նուե­լու ա­ռըն­թեր, ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։   Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս ներ­կա­յա­ցուած խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ա­սու­լի­սը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, թէ Եւ­րո­միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ա­մուր գոր­ծըն­կե­րու­թեան մը հաս­տա­տու­մը շա­հե­կան է ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան բազ­մաբ­նոյթ խնդիր­ներ, ո­րոնք կը զբա­ղեց­նեն Ե­րե­ւա­նի եւ Պրիւք­սէ­լի հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գը։ Մո­կե­րի­նի Ե­րե­ւա­նի մէջ ընդգ­ծեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կը սա­տա­րէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­ռաջ­նա­հերթ կը հա­մա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­րի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը։ Իր կար­գին, Նալ­պան­տեանն ալ շեշ­տեց, որ այ­լընտ­րանք չի տես­ներ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար։

Ե­րե­ւա­նի մէջ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան եւ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կրնան ըլ­լալ լաւ գոր­ծըն­կեր­ներ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց նաեւ ընտ­րա­խախ­տում­նե­րու թա­փան­ցիկ հե­տաքն­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ամ­փո­փե­լով հայ­կա­կան կող­մին մօ­տե­ցում­նե­րը՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան պատ­րաս­տա­կամ է ընդ­լայ­նել եւ ամ­րապն­դել ԵՄ-ի հետ հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին հե­ռան­կա­րա­յին։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, հա­սուն­ցած է նաեւ Եւ­րո­միու­թեան հետ մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թեան սկսե­լու պա­հը։

Մո­կե­րի­նիի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով շուրջ 20 հա­զար գաղ­թա­կան ա­պաս­տան գտած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի այս առ­թիւ շեշ­տեց, թէ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կը դի­տար­կէ Սու­րիա­յէն գաղ­թե­լով Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն հա­մար օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016