ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի մէջ նշուե­ցաւ 1 Մարտ 2008 թուա­կա­նին պա­տա­հած ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րուն 8-րդ տա­րե­լի­ցը։ Հարկ է նշել, որ այս դէպ­քե­րը միշտ կը պա­հեն ի­րենց այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը հան­րա­յին կար­ծի­քի օ­րա­կար­գին վրայ ու ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քէ ներս կը շա­րու­նա­կուի ակն­կա­լու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի ա­մէն ինչ բա­ցա­յայ­տուի ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ե­րէկ նշե­ցին Մար­տի 1-ի դէպ­քե­րուն 8-րդ տա­րե­լի­ցը։ Ո­գե­կո­չում­նե­րը, ըստ էու­թեան կազ­մա­կեր­պուած էին ընդ­դի­մա­դիր Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սի եւ «Նոր Հա­յաս­տան» շարժ­ման կող­մէ։ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­հա­ւաք մը, ո­րուն յա­ջոր­դեց բո­ղո­քի երթ մը՝ մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հա­տուա­ծէն ներս։ Եր­թի մաս­նա­կից­նե­րը կը կրէին դրօ­շակ­ներ, ծաղ­կեպ­սակ­ներ ու մեծ պաս­տառ մը, ո­րու վրայ գրուած էր.- «Ո՛չ բռնա­պե­տու­թեան, ո՛չ պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան»։ Մինչ այդ, դէպ­քե­րու ապ­րուած Միաս­նի­կեա­նի հրա­պա­րա­կին վրայ ալ ցու­ցա­րար­ներ ո­գե­կո­չե­ցին Մար­տի 1-ի զո­հե­րը։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016