ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԻՆ ՈՍԿԷ ԳՐԻՉ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու տան եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը՝ ի պա­տիւ «Գա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ ու խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեա­նի։ Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան այս առ­թիւ Յա­րութ Սա­սու­նեա­նին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նեց իր ղե­կա­վա­րած կա­ռոյ­ցի բարձ­րա­գոյն պար­գե­ւը՝ «Ոս­կէ գրիչ»ը։ Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին «Ազգ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն Սէյ­րա­նու­հի Գե­ղա­մեան, «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տնօ­րէն Ա­րամ Ա­նա­նեան, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Լրագ­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Նա­ղաշ Մար­տի­րո­սեան, Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Գրի­գոր Շա­հի­նեան եւ այլ հիւ­րեր։ Այս առ­թիւ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։

ՔԸՐՔ ԳՐԳՈ­ՐԵԱ­ՆԻ ԿՏԱ­ԿԸ

Մինչ այդ, Յա­րութ Սա­սու­նեան Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ան­ցեալ տա­րի մա­հա­ցած Քըրք Գրգո­րեա­նի կտա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ Յա­րութ Սա­սու­նեան ե­ղած էր կա­ռա­վա­րի­չը Քըրք Գրգո­րեա­նի մի­ջոց­նե­րով հաս­տա­տուած «Լին­սի» հիմ­նադ­րա­մի, ո­րու մի­ջոց­նե­րով հսկա­յա­կան նա­խագ­ծեր ի­րա­կա­նա­ցուած էին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 98 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցած Քըրք Գրգո­րեան, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հե­րոս էր, պար­գե­ւատ­րուած՝ «Հայ­րե­նիք» շքան­շա­նով։ 

Յա­րութ Սա­սու­նեա­նի կող­մէ ե­րէկ տրուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, Քըրք Գրգո­րեա­նի թո­ղած հարս­տու­թեան մէկ մա­սը պի­տի ուղ­ղուի հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ծրագ­րե­րու։ Իր կտա­կին մէջ ըն­դա­մէ­նը ե­ղած է մէկ նա­խա­դա­սու­թիւն, թէ իր ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը կ՚ուղ­ղէ բա­րե­սի­րու­թեան։ Յա­րութ Սա­սու­նեան ը­սաւ.

«Պա­րոն Գրգո­րեան եր­բեք իր կեան­քին մէջ չէ զբա­ղած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ Ան տուած է ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւն, իր օգ­նա­կան­նե­րը գոր­ծը կա­տա­րած են ու պի­տի կա­տա­րեն՝ ըստ իր փա­փա­քին։ Իր կտա­կին մէջ գրած է, որ ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը կու տայ բա­րե­սի­րու­թեան՝ ա­ռանց ման­րա­մաս­նե­լու, թէ ո՛ւր, հայ թէ օ­տար կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Կտա­կը ու­նի պա­տաս­խա­նա­տու մը՝ կտա­կա­րար մը. մարդ մը, որ յի­սուն տա­րի աշ­խա­տած է իր հետ, շատ լաւ գի­տէ Գրգո­րեա­նի նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը, մօ­տե­ցում­նե­րը, մտայ­նու­թիւ­նը։ Պա­րոն Գրգո­րեան իր ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին նուի­րա­բե­րած է գու­մար­ներ թէ՛ հայ­կա­կան եւ թէ օ­տար ծրագ­րե­րու հա­մար։ Ես կաս­կած չու­նիմ, որ յետ­մա­հու եւս իր փա­փա­քը նոյնն է՝ իր հարս­տու­թիւ­նը եր­թայ հայ­կա­կան ու ոչ-հայ­կա­կան բա­րե­սի­րա­կան ծրագ­րե­րու։ Ան­շուշտ հայ­կա­կա­նին մէջ կը մտնէ նաեւ Հա­յաս­տա­նը»։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016