FORBES-Ի ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ ՉՈՐՍ ՀԱՅ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ

Ա­մե­րի­կեան Forbes հան­դէ­սը այս տա­րի եւս հրա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու ցու­ցա­կը։ Ար­դէն 30-րդ ան­գամ կը հրա­պա­րա­կուի այս ցան­կը, իբր այդ կը հա­մա­րուի յո­բե­լե­նա­կան։ Ներ­կա­յիս աշ­խար­հի վրայ 1810 մի­լիա­ռա­տէր գո­յու­թիւն ու­նի եւ նա­խորդ ցու­ցա­կին բաղ­դատ­մամբ մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու թի­ւը պակ­սած է 16-ով։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ այս տա­րի տեղ գտած է չորս հայ։ Ա­մե­նա­բարձր վար­կա­նի­շը ու­նի Ռու­սաս­տա­նի «Քրաս­նո­տար» ֆութ­պո­լա­յին ա­կում­բի սե­փա­կա­նա­տէր Սէր­կէյ Գա­լից­կի (Յա­րու­թիւ­նեան), որ 5.7 մի­լիառ տո­լա­րի հարս­տու­թիւ­նով կը զբա­ղեց­նէ 219-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։ 3.1 մի­լիառ տո­լա­րի կա­րո­ղու­թեամբ «Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բի սե­փա­կա­նա­տէր Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան ա­ղիւ­սա­կի 549-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը կը զբա­ղեց­նէ։ Ար­ժան­թի­նա­հայ գոր­ծա­րար Է­տուար­տօ Էօր­նէ­քեան 810-րդ կար­գի վրայ է՝ 2.2 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի կա­րո­ղու­թիւ­նով։ Դար­ձեալ Ռու­սաս­տա­նէն «Ռոս­կոսսթ­րախ» ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար Տա­նիլ Խա­չա­տու­րով 1.4 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար հարս­տու­թիւ­նով ցու­ցա­կի 1275-րդ կար­գին վրայ է։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016