«ՊԱՐԶ Է, ՈՐ ՇԱՀԵՐ ԿԱՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇԱՀԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԸՆԿՆԻՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ»

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարարներէն Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցելու առիթն ունեցանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ, որ օրերէ ի վեր փակ կը պահուի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր համախմբման ցուցարարներուն կողմէ։ Դաշնակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցեցինք Հայաստանի քաղաքական տագնապին եւ այդ առընչութեամբ Թուրքիոյ կեցուածքին կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։

*

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Թուրքիոյ փութկոտութիւնը Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան յայտարարութիւնը՝ որպէս ռազմական յեղաշրջում համարելու եւ նոյնիսկ այդ մէկը դատապարտելու շուրջ:

-Շատ յստակ է եւ շատ սպասելի, որովհետեւ Փաշինեան գիտակցաբար երկիրը տարած է դէպի պարտութիւն եւ ստանձնած՝ որոշ պարտաւորութիւններ, որոնք կը բաւարարեն միայն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Փաշինեանի հեռացումով այն պայմանաւորուածութիւնները, զորս ան ձեռք բերած է եւ որոնցմով զիջումներ կատարուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ, բնականաբար, պիտի չիրականանան։ Այս բոլորը աւելիով կը բացատրեն, որ Թուրքիա ինչու աճապարեց Հայաստանի զարգացումները՝ որպէս ռազմական յեղաշրջման փորձ որակելու համար: Պարզ է, որ սեփական շահեր կան եւ այսօր Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին Փաշինեանի շահերուն հետ:

-Այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ, ընդհանրապէս, սփիւռքահայութիւնը լուռ էր: Անդին Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամ Կարօ Փայլան նոյնպէս շտապեց նոյն ձեւով դատապարտելով: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս երեւոյթը։

-Ես չեմ ըսեր, թէ սփիւռքը լուռ է, որովհետեւ բազմաթիւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, կարելի է ըսել՝ սփիւռքի բոլոր լուրջ կազմակերպութիւնները, պատերազմէն անմիջապէս յետոյ դատապարտեցին Փաշինեանի գործունէութիւնը եւ պահանջեցին անոր հրաժարականը։ Նոյնիսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնք իրարու հետ այդքան ալ ներդաշնակ չեն, այս հարցին շուրջ միակամ էին՝ սկսելով Դաշնակցութենէն եւ Բարեգործականէն, մինչեւ մշակութային եւ եկեղեցական կառոյցներ: Ուրեմն բոլորը՝ երկու կաթողիկոսութիւնները, թեմերը, եպիսկոպոսաց դասը պահանջեցին Փաշինեանի հրաժարականը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանին՝ ես շատ տարակուսած եմ։ Կը կարծեմ, թէ իր կեցուածքը ուղղակի սխալ տեղեկացուածութեան մը հետեւանք է եւ ան ամբողջական պատկերացում մը չունի, թէ այսօր ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Ի վերջոյ, Փաշինեանի հրաժարականը կը պահանջեն բոլորը՝ քաղաքական ուժեր, նախկին նախագահներ, վարչապետներ, եկեղեցին, մտաւորականներ, իսկ հիմա արդէն բանակը: Պատկերացուցէք, որ եթէ Փայլան ճիշդ ըլլայ եւ յանկարծ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը կամ սպաները ձերբակալուին ռազմական յեղաշրջման փորձի համար, այն ատեն ո՞վ պիտի ղեկավարէ բանակը: Վերջ ի վերջոյ կար նաեւ նախագահի յայտարարութիւնը, որով ան առերեւոյթ հակասահմանադրական համարեց ո՛չ թէ զինուորականներու յայտարարութիւնը, այլեւ՝ վարչապետի հրամանագիրը, որով աշխատանքէն պիտի ազատուէր զօրավար Օննիկ Գասպարեան: Կը կարծեմ, թէ Կարօ Փայլան ուղղակի տեղեակ չէ իրադարձութիւններէն։

-Ըստ երեւոյթին, Հայաստան կը մտնէ սահմանադրական տագնապի մը մէջ։ Արդարեւ, տեսանք, որ նախագահը մերժեց Փաշինեանի հրամանագիրը վաւերացնել, իսկ Փաշինեան շտապեց կրկին ուղարկել հրամանագիրը: Հիմա ինչի՞ պէտք է սպասել:

-Սահմանադրական ճգնաժամ ցարդ յառաջացուցած է միայն Նիկոլ Փաշինեանը, որ Սահմանադրական ատեանի նախագահը փոխեց, անդամներէն մին հեռացուց, իր վստահած անձերուն յանձնեց Սահմանադրական ատեանի կազմը՝ մանաւանդ, որ մինչ այդ Բարձրագոյն դատարանը շատ յստակ կը գործէր, կը քննէր նախագահին կամ կառավարութեան ուղարկած գործերը: Մէկ կողմէ կ՚ըսէին՝ կայ սահմանադրական ճգնաժամ, բայց միւս կողմէ գործեր կ՚ուղարկէին Սահմանադրական ատեան: Մենք, իրօք, կանգնած ենք սահմանադրական ճգնաժամի առջեւ, բայց այդ մէկը արդէն անցեալ է, հիմա, իրական քաղաքական տագնապ մը յառաջացած է։ Որովհետեւ Փաշինեան ապաշնորհ եւ գուցէ գիտակցուած գործողութիւններով երկիրը տարաւ դէպի պարտութիւն: Ներկայիս ամբողջ հասարակութիւնը եւ կառոյցները կը գտնուին մէկ կողմը, իսկ միւս կողմը՝ Փաշինեան անոնց դիմաց առանձին մնացած է: Եթէ նախագահը այս անգամ այդ որոշմնագիրը ուղարկէ Սահմանադրական ատեան, որովհետեւ իր յայտարարութեան մէջ արդէն իսկ ակնարկ մը կար, թէ առերեւոյթ հակասահմանադրական դրոյթներ կը պարունակէ վարչապետի առաջարկը, խնդիր պիտի ունենանք, բայց այդ մէկը պիտի լուծուի քաղաքական հարթութեան վրայ:

-Ի՞նչ պիտի ըլլան ընդդիմութեան յառաջիկայ քայլերը:

-Ընդդիմութիւնը պիտի ընէ այն, ինչ որ կ՚ընէ՝ խաղաղ ճանապարհով պիտի շարունակենք ճնշում գործադրել վարչապետին ու իր խմբակին վրայ, որպէսզի անոնք գիտակցին եւ հասկնան, իրենց ներկայութենէն ազատեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը զարգանալու եւ վերածնելու հնարաւորութիւն ունենան: Այդ մարդը ապացուցանեց, որ վերջին համարեա երեք տարիներու ընթացքին որեւէ շինիչ բան չէ կրցած ընել: Միջազգային ոլորտէն ներս արտաքին յարաբերութիւնները վատացած են բոլորին հետ։ Ռուսերու հետ յարաբերութիւնները ասկէ աւելի վատ չէին կրնար ըլալ։ «Պոինկ 737»ի հետ կապուած ամերիկացիներուն հետ խնդիր ունինք, Իրանի հետ խնդիր ունինք, որովհետեւ քանի մը անտրամաբանական յայտարարութիւններ կատարուեցան: Չինաստանի հետ նաեւ՝ որովհետեւ 2019-ի ապրիլին, երբ Փեքինի մէջ Մետաքսի ճանապարհին հետ կապուած մեծ տնտեսական խորհրդաժողով մը կար եւ բոլոր շահառու երկիրներու ղեկավարները այնտեղ էին, Փաշինեան Երեւանի փողոցներուն մէջ խորոված կը պատրաստէր։ Ձախող արտաքին քաղաքականութիւն, ձախող ռազմական քաղաքականութիւն, տնտեսական քաղաքականութիւնը ակնյայտ է՝ ինչ վիճակի մէջ է. օրէ օր ամէն ինչ կը սղէ, դրամը կ՚արժեզրկուի եւ մարդոց կենսամակարդակը կ՚իջնէ: Փաշինեան չէ յարգած իր խոստումներէն որեւէ մէկը։ Ան խոստացած էր, որ Տարօն Աճէմօղլուն Հայաստան պիտի բերէր եւ իրարու հետ պիտի աշխատէին: Աճէմօղլուն այնպէս ալ Հայաստան չեկաւ, ինչպէս նաեւ շատ շատերը:

-Ի՞նչ կ՚ըսէք իշխանութիւններու երէկ կազմակերպած հանրահաւաքի մասին, որու կոչ ըրաւ Փաշինեան:

-Փաշինեան եւ գործադիրի բոլոր վարչական լծակները, նախարարութիւններու աշխատողները, պետական մարմիններու աշխատողները եւ մարզպետարանները լծուած էին մարդ բերելու գործին։ Այսինքն, նախկինները քննադատելու ալիքին վրայ իշխանութեան գլուխ եկած Փաշինեան կը կրկնէ նոյն նախկիններուն ըրածները ու քիչ մըն ալ աւելի վատը. ան մարդիկ կը հրահրէ իրարու դէմ:

Չմոռնանք, որ երբ 25 փետրուարին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը հանրահաւաք կը կատարէր Ազատութեան հրապարակին վրայ, Փաշինեան դիտմամբ իր համախոհները տարաւ Օփերա։ Այդպէսով կ՚ուզէր բախումներ սադրել, ինչ որ տեղի ունեցաւ: Ե՛ւ հեռատեսիլէն, ե՛ւ համացանցով կարելի է տեսնել տեսարանները, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ «փաշինեանական»ը ոտքով կը հարուածէ տարեց ընդդիմադիր քաղաքացին: Այդ իր ոճն է, մարտի 1-ի նախօրեակին էր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021